2014-06-30 09:07:46

''Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ուժերուն միջեւ քաղաքական երկփեղկումը ճեղք մը յառաջացուցած Է երկրին մէջ'' շեշտեց Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, կիրակի 29 յունիսին, Ժիպէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Լիբանան քաղաքական մակարդակի վրայ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ուժերուն միջեւ երկփեղկումի մթնոլորտը կ՛ապրի, «եւ այդ երկփեղկումը ճեղք մը յառաջացուցած է նաեւ երկրին մէջ եւ պատճառած նախագահական թափուր աթոռ մը»:
Ռայի պատրիարքը աղօթեց եւ մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել այս հանգրուանը: Ան նշեց նաեւ, որ քրիստոնեաները պէտք է գիտնան, թէ իրենք աշխարհին մէջ, յատկապէս տագնապներ դիմագրաւող Միջին Արեւելքի մէջ դերակատարութիւն մը ունին ստանձնելիք: «Քրիստոնեաները պէտք է ըլլան սիւննի եւ շիի յարանուանութիւնները միաւորող ուժը` պահպանելով բազմազանութեան նկատմամբ իրենց հաւատքը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց բոլորին միջեւ հաշտութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ առանց հաշտութեան տօները անիմաստ եւ անարժէք կը դառնան:








All the contents on this site are copyrighted ©.