2014-06-30 09:12:14

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Յաւերժութիւնը Աստուծոյ Մէկութեան Մէջ…


Սիրելի՛ ընթերցող, Սուրբ Եկեղեցիին տօնն էր երէկ: «Եկեղեցի» բառը ունի իր երկու սովորական իմաստները: Առաջինը կը նշանակէ տաճար, ժամ, այսինքն` քարեղէն շինուածք: Երկրորդին նշանակութիւնն է հոգեւոր հասարակութիւն, այսինքն` հոգեղէն կառոյց, որուն մասին կ՛ուզէի խորհրդածել միասնաբար:

Մեր խորհրդածութեան նիւթը մեզի կու տայ Ս. Յովհաննէս աւետարանիչը, որուն տողերը Յիսուսի Սրտէն ու բերնէն ելած խօսքերն են (Յվհ. 10, 22-30):

Երուսաղէմի տաճարին «Սողոմոն» սրահին մէջ հրեաները Յիսուսի շուրջ հաւաքուեցան եւ գանգատեցան. «Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի մաշեցնես: Եթէ Դուն ես Քրիստոսը, ըսէ՛ մեզի յայտնապէս»:

Առարկութիւնն անտեղի էր: Աստուած չի մաշեցներ «հոգին» իր արարածներուն: Երբե՛ք: Աստուծոյ ուրախութիւնն ուրախութեան մէջ է իր բանաւոր էակներուն: Միայն հարկ է ունենալ հոգեմտաւոր տեսողութիւնը եւ անդրադարձումն այս ճշմարտութեան:

«Կրօն»-ներու պատմութիւնը կը փաստէ, թէ անոնց հիմնադիրներէն ոչ մէկը ունեցաւ եւ կրնար ունենալ Յիսուսի համարձակութիւնն ու յայտնախօսութիւնը: Առաւել, անոնք, անխտիր բոլո՛րը, մահկանացուներ էին լոկ` վերջանալու անէութեան մէջ, որովհետեւ «անոնք, որոնք Ինձմէ առաջ եկան, գողեր էին եւ աւազակներ» (Յվհ. 10,8). բայց նաեւ` Յիսուսէն ետք եկածներն ալ:

Իսկապէս, զգլխիչ էր համարձակախօսութիւնը մեր Աստուածային Վարդապետին, որ նոյնիսկ իր մահուան դատապարտութեան ատեանին մէջ կրցաւ վկայել իր մոլեգնած դահիճներուն երեսին. «Ես յայտնապէս խօսեցայ աշխարհին, միշտ սորվեցուցի ժողովարաններուն եւ Տաճարին մէջ, ուր հրեաները կը հաւաքուին: Գաղտնի ոչինչ ըսած եմ: Ինչո՞ւ, ուրեմն, կը հարցաքննես զիս: Ըսածներուս մասին կրնաս հարցնել անոնց, որոնք լսեցին զիս, լաւ գիտեն, ինչ որ խօսեցայ անոնց» (Յվհ. 18, 20-21):

Իր շուրջ հաւաքուած ու գանգատած հրեաներուն ալ Յիսուս անգամ մը եւս բացայայտնեց իր համարձակ եւ յայտնախօս հզօրութիւնը, որուն մէկ փաստանիշը կ՛առնեմ անսխալական Վարդապետիս յայտարարութենէն խնդրառարկայ հատուածին մէջ:

Ըմբոշխնե՛նք անգերազանցելի հոգեկանութեան որակն ու բացարձակ ուժականութեան ինքնագիտակցութիւնը բուրող այս անյետսկոչելի հաւաստիացումը. «Ոչխարներս երբեք պիտի չկորսուին: Ոչ մէկը կրնայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքերէս»:

Աստենականը մաշեցնող եւ անդենականն արժեւորող այս շեշտաւորումն առնե՛նք իբրեւ ստոյգ երաշխիքը մեր ապահովութեան ու յաղթանակին. «Հայրս, որ ինծի տուաւ ոչխարներս, մեծ է բոլորէն: Ոչ մէկը կարող է յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն»:

Յիսուսի այս «իշխանութեան» ու «հեղինակութեան» վրայ հիացած ժողովուրդը թէպէտ շատ հաւնած էր Քրիստոսի քարոզներն ու սքանչացած էր անոր հրաշագործութիւններուն վրայ, բայց եւ այնպէս դեռ չէր ընդունած Յիսուսի ինքնութիւնը, ուստի հրեաներուն հարցումը արտաքին հետաքրքրութիւն էր լոկ:

Յիսուս, որուն ատելի են կեղծաւորութիւնը, արտաքին հետաքրքրութիւնը, մակերեսայնութիւնը, տուաւ այս զօրաւոր ու յստակ պատասխանը. «Ըսի ձեզի, բայց դուք չէք հաւատար: Գործերը, որոնք կ՛ընեմ իմ Հօրս անունով, կը վկայեն Ինծի, սակայն դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք»:

Թէպէտ ներաշխարհով եւ արտաշխարհով յոռետես մարդ չէի, չեմ ու պիտի չըլլամ,

երբե՛ք, քանի գիտեմ, Որո՛ւն կը հաւատամ, եւ վստահ եմ Անո՛ր, որ զիս կը սիրէ, բայց եւ այնպէս առարկայական ճանաչողութեամբ ու իրատեսութեամբ հաստատելու եմ, թէ «նոր հեթանոս» քրիստոնեաներ դարձած են զոհերը կեղծաւորութեան, սին հետաքրքրութեան եւ մակերեսայնութեան` իրենց անձերը, խօսքերն ու գործերը շպարելով անտարբերութեամբ, գաղջութեամբ, ինքնահաճութեամբ, տգիտութեամբ եւ ինքնակոչ անմեղութեամբ:

Ճշմարտապէս` մենք կը հաւատա՞նք Քրիստոսին: Կը դաւանի՞նք անոր ինքնութիւնը: Կ'ընդունի՞նք անոր գործերուն վկայութիւնը: Այսինքն իրապէս մենք կը զիջի՞նք եւ կը հաւանի՞նք ըլլալ «ոչխարներէն» Յիսուսի` քաջ Հովիւին, որ իր կեանքը կը զոհէ իր ոչխարներուն համար, եւ Քրիստոսի` բարի Հովիւին, որ անձնապէս կը ճանչնայ «անունով» իր ոչխարները:

Յիսուսի ոչխարները կը հաւաքուին «փարախը», որ Սուրբ Եկեղեցին է: Անոր հաւատացեալները կը կազմեն Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին անդամ-անդամուհիները, որոնցմէ ըլլալ կ՛ուզենք մենք` սուրբ միւռոնով կնքուածներս:

Սակայն միւռոնաբոյր օծուածներս «նոր հեթանոս» քրիստոնեաներու խումբէն չե՞նք մենք ալ, որ, օրինակի համար, մեր մտածելակերպին, մեր խօսելաձեւին ու գործընթացքին մէջ` ամէնօրեայ ունակութեամբ ու միապաղութեամբ, գէշը կը մտածենք մեր այս քրոջ կամ այն եղբօր մասին, կը չարախօսենք այս դրացուհին կամ այն դրացիին մասին, կը վնասենք այս գործընկերոջ կամ այն միութենականին:

Այս տեսակի քրիստոնեաներուն, որ իսկապէս «նոր հեթանոս»-ներն են անդէմ եւ ամուլ, Տէրը կը ձայնէ հրամայական շեշտով. «Սիրեցէ՛ք զիրար: Ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ, այնպէս ալ դո՛ւք սիրեցէք զիրար: Բոլորը պիտի ճանչնան ձեզ իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք սիրէք զիրար» (Յվհ. 13, 34-35):

Ուրեմն, ալ պահն է, որ ապրուած ու գործօ՛ն քրիստոնէութեամբ անսանք մեր Հովիւին, թէ «ոչխարներս կը լսեն ձայնս», որպէսզի ստանանք ապահովութիւնը. «Ես անոնց կու տամ յաւիտենական կեանքը»:

Յաւիտենական կեանքը կը սկսի հոս` այս աշխարհին վրայ, երբ Ան` Հովիւը կը ճանչնայ մեզ` իր խօսքերը պահող ու գործադրող ոչխարներս, ինչպէս ալ մենք գիտակցօրէն կը հետեւինք Անոր, որ յայտարարեց արար աշխարհին. «Հայրը եւ Ես ՄԷԿ ենք»:

Հիանալի՜ն, անըմբռնելի՜ն հոս է: Յիսուսի մեզ ճանչնալով ու Քրիստոսի հրահանգներուն մեր հետեւելով` կը մտնենք Հօր եւ Որդիին ՄԷԿութեան մէջ: Այսպէս, կը կազմենք Աստուծոյ Ընտանիքը` Եկեղեցին, որուն զաւակներուն Մայրն է Մարիամ Սուրբ Կոյսը` Անբաժանելին Սուրբ Երրորդութենէն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Երեւան, 23 յունիս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.