2014-06-30 08:46:34

Ազրպէյճան ռմբակոծեց Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը։


Շաբաթավերջին ատրպէյճանական կողմը ռմբակոծեց Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը, այդ պատճառով Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չէզոք հատուածին մէջ հրդեհ բռնկեցաւ:
Հակառակորդը մօտ 2 ժամ ռմբակոծեց Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Բարեկամաւան գիւղերը, որոնք զգալի վնասներ կրած են:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Այգեպար գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեան յայտնած է, որ «ամբողջ գիւղը ծուխի մէջ է, ատրպէյճանական կողմը անկանոն կերպով կրակած է Այգեպարի վրայ: Գիւղի տուներէն մէկը հրկիզուած է, գիւղացիները շուտով կրցած են մարել այդ հրդեհը»:
Նշենք, որ ռմբակոծութեան պատճառով վնասուած է գիւղի կազատար խողովակը, որ արդէն վերականգնուած է: Գիւղապետին խօսքով` ամէն օր ռմբակոծութիւններուն պատճառով, միւս կորուստներէն բացի առնուազն 8 տուն կը վնասուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.