2014-06-29 09:26:02

Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնակատարութիւնը Վատիկանի մէջ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 27 եպիսկոպոսապետերուն կը շնորհէ ''պալիումը''։

Կիրակի, 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին նորանշանակ 27 Մետրոպոլիտներու յանձնեց Պալիումը` որ կը խորհրդանշէ Մետրոպոլիտներուն եւ եպիսկոպոսներուն յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։
Սուրբ զոհը սկիզբ առաւ ժամը 9,30-ին, մասնակցութեամբ կարտինալական դասի անդամներուն, եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին եւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը, մինչ արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեցին` Սիքստինեան Մատուռի երգչախումբի հետ միասին, Մոսկուայէն ժամանած Մոսկուայի Պատրիարքութեան Սիւնհոդոսական երգչախումբի անդամները։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին սկիզբը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիրաքութեան պատուիրակութեան անդամներուն ներկայութեան համար, ''Հռոմի պաշտպան սուրբեր` Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին առթիւ''։ Աղօթենք Տիրոջ - ըսաւ Ան - որպէսզի այս այցելութիւնը ամրապնդէ երկու քոյր Եկեղեցիներուն դէպի լիակատար հաղորդութիւն ընթացող մեր եղբայրական կապերը''։
Սրբազան Հայրը հուսկ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները քաղուած` ''Գործք Առաքելոցէն (գլուխ 12) ուր կը խօսուի Պետրոսի սկզբնական առաքելութեան մասին ` Երուսաղէմի մէջ, ու յատկապէս Անոր ձերբակալութեան ու բանտին մէջ Աստուծոյ հրեշտակին միջամտութեան զինք ձերբազատելու մարմնային եւ հոգեկան շղթաներէն։ ''Այո՛ - ըսաւ Քահանայապետը – Տէրը մեզ կը ձերբազատէ ամէն տեսակ վախէ եւ շղթայէ, որպէսզի կարենանք իսկապէս ազատ ըլլալ''։ Ան ապա խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն հարց տուաւ` ''մենք ի՞նչէն կը վախնանք'', ''Ու՞ր կը փնտռենք մեր ապաստանը''։ Պետրոս առաքեալի վկայութիւնը մեզ կը յիշեցնէ թէ մեր ապաւէնը` Աստուծոյ վրայ վստահիլն է, վստահութիւն մը որ կը հեռացնէ վախը ու մեզ կ՛ազատէ ամէն տեսակ ստրկութենէ եւ ամէն տեսակ աշխարհիկ փորձութենէ։
Մեկնաբանելով ապա օրուան Աւետարանի հատուածը, քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն (գլ 21, 15.16.17) ուր Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ ''Արածէ իմ ոչխարներս'', մինչ Պետրոս երեք անգամ կը խոստովանի իր սէրը Յիսուսին, որպէս քաւութիւն իր երեք անգամ ուրացումին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ '' Պետրոսի սրտին մէջ տակաւին թարմ էր դաւաճանութեան վէրքը եւ երբ Յիսուս անոր հարց կու տայ ''Սիմոն, որդի Յովնանու, կը սիրե՞ս զիս'', Պետրոս իր ուժերուն չի վստահիր այլ կը դիմէ Յիսուսին ու անոր ողորմութեան ըսելով` ''Տէր, դուն ամէն բան գիտես, գիտես նաեւ թէ քեզ կը սիրեմ''։ Հոս է ահա որ վախը կ՛անհետանայ - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց - Պետրոս փորձարկեց թէ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը աւելի մեծ է քան մեր անհաւատարմութիւնն ու մեր դաւաճանութիւնները։ Տիրոջ հաւատարմութիւնը կը հեռացնէ եւ կը գերազանցէ մարդկային երեւակայութիւնը։ Յիսուս` այսօր, մեզի եւս կ ՛ուղղէ նոյն հարցումը` ''կը սիրե՞ս զիս''։Հետեւինք Պետրոսի օրինակին ու վստահինք Տիրոջ, Ան երբեք մեզ չի լքեր, հակառակ մեր անարժանութեան – ըսաւ Քահանայապետը ու քարոզի աւարտին հաստատեց թէ այնպէս ինչպէս Յիսուս Պետրոսին ըսած էր ''հետեւէ ինծի'', նոյնպէս Ան այսօր մեզի` եպիսկոպոսներուս կը հրաւիրէ հետեւիլ Իրեն։ Յիսուս կ՛ըսէ` ժամանակ մի կորսնցներ հարցումներով, պարապ խօսակցութիւններով եւ երկրորդական հարցերով, նայիր էականին ու հետեւէ Ինծի։ Հետեւէ ինծի` հակառակ դժուարութիւններուն։ Հետեւէ՛ Աւետարանը հռչակելու։ Հետեւէ՛ կեանքի վկայութեամբ` որ համապատասխանը ըլլայ սուրբ մկրտութեան եւ ձեռնադրութեան շնորհքին։ Հետեւէ ինծի՛ շուրջդ ապրողներուն խօսելու` Իմ մասիս։ Հետեւէ ինծի, Աւետարանը քարոզելու ամենուրէք, յատկապէս վերչիններուն`որպէսզի ոչ մէկուն պակսի կեանքի Խօսքը, որ կը ձերբազատէ ամէն վախէ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ Աստուծոյ հաւատարմութեան մէջ։Դուն հետեւէ ինծի։








All the contents on this site are copyrighted ©.