Պալիումը եկեղեցական հաղորդութեան եւ միութեան խորհրդանիշ է։ Պալիումի տուչութեան աւանդութիւնը
հաւանաբար առնուած է կայսերական շրջանի աւանդութենէ մը։ Չորրորդ դարէն արդէն հետքեր կան
Պալիումի գործածութեան սովորութեան մասին։ Գրիգոր Է. Քահանայապետի օրով ալ , շուրջ 1000
տարիներ առաջ, արդէն պալիումը կը տրուէր նորնտիր Մետրոպոլիտներուն, եպիսկոպոսներու ընտրութիւններու
վրայ հսկելու նպատակով։ 70-ական թուականներուն երջանկայիշատակ Պօղոս Զ . քահանայապետին
օրով է որ Պալիումի յանձնումի սովորութիւնն ու արարողութիւնը ունեցաւ իր վերջնական ձեւը,
եւ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը , նշելու՝
յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը եպիկոպոսներու ու Սուրբ Աթոռի միջեւ։
Պալիումը
կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը
կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ
զարդարանք ունի. անոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։
Պալիումի գործածութիւնը
սկսած է Ե. դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ
կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին
վրայ պատճառած վէրքերը։ Պալիում որ ինչպէս ըսինք հիւսուած է լոկ ոչխարի բուրդէ կը տրուի
նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական
աթոռին հետ։