2014-06-28 11:59:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը


Շաբաթ` 28 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը որմէ ետք ընդունեց Մատակասկարի Հանրապետութեան նախագահը` Տիար Հէրի Ռայաոնարիմամփիանինան, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը ու ապա 11,15-ին ունկնդրութիւնը շնորհեց Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան մէկ պատուիրակութիւնը որ Հռոմ ժամանած է մասնակցելու Սուրբ Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու տօնախմբութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց գերապայծառ Զիկմունթ Զիմովսքին` Հիւանդապահներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։
Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպելու անոնց ու իրենց հետ կիսելու տօնախմբութեան ուրախութիւնը։ Ան ապա վերյիշեց` Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին հետ, Երուսաղէմի մէջ, վերջերս ունեցած եղբայրական հանդիպումն ու ողջագուրումը յիշատակելու Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Ա հանդիպման 50 ամեակը որ վճռական քայլ մը հանդիսացած էր ուղեւորութեան մը որ տակաւին կը շարունակուի ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա յայտնեց թէ Սուրբ վայրերը այցելութիւնն ու Յիսուսի գերեզմանին վրայ միասնական աղօթքը Աստուածոյ յատուկ պարգեւ մը կը նկատէ։ Ֆրանչիսկոս Պապը վերակոչեց նաեւ խաղաղութեան ի սպաս Վատիկանի մէջ կայացած աղօթքի հանդիպումը մասնակցութեամբ Պաղեստինի եւ Իսրայելի նախագահներուն ու ապա մատնանշեց միութեան կարեւորութեան` Միութիւնը – ըսաւ Ան – Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ ամէն անգամ որ իրարու նայինք հաւատքի աչքերով ու զիրար ճանչնանք Աստուծոյ ծրագիրին լոյսին տակ եւ ոչ թէ մեր անցեալի մեղեքերուն պատմական հետեւանքներու միջոցաւ, մեր ուղեւորութիւնը աւելի դիւրին կը դառնայ ու մեր համագործակցութիւնը աււելի հեշտ։ Սրբազան Հայրը ապա յոյս յայտնեց որ միջազգային խառն աստուածաբանական յանձնախումբի աշխատանքը ընթանայ այդ ուղղութեամբ յաղթահարելու համար դժուարութիւններն ու հարցերը, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ։
Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնցմէ խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն յանձնուած առաքելութեան համար ու ապա հայցեց Աստուածամօր, Սուրբ Պօղոս եւ Պետրոս եւ Սուրբ Անդրէաս առաքեալներու բարեխօսութիւնը, որպէսզի Աստուած օրհնէ մեզ ու մեր վրայ զեղու իր շնորհքները։ Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.