2014-06-28 08:40:16

Սփիւռքի ներկայացուցիչներու համահայկական 5րդ համաժողովը պիտի գումարուի 19-21 սեպտեմբեր 2014-ին։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 27 Յունիսին տեղի ունեցած է նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: Օրակարգի վրայ եղած են Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին տրուած առաջադրանքներու իրականացման վերաբերեալ հաշուետուութիւնը, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցեր:
Նախարարի խորհրդական Ս. Պետրոսեան նշած է, որ 2011ին կայացած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին յատուկ կերպով առանձնացուած են 64 ամփոփ առաջարկներ, որոնց իրականացումը եղած է ուղենշային Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան տարբեր ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման ատեն։ Այդ աշխատանքները իրականացուած են համահայկական եւ համայնքային կառոյցներուն հետ համադրաբար: Աշխատանքներու իրականացման մասնակցած են Հայաստանի պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները:
Վերջին 3 տարիներուն Սփիւռքի հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան նպատակով կատարուած են աւելի քան 15 հետազօտութիւն, հրատարակուած է շուրջ 50 գիրք, որոնց կարգին՝ «Հայկական Սփիւռք» տարեգիրքերու երեք հատոր: Կազմակերպուած է 10 գիտաժողով՝ նուիրուած հայկական Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, Սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման, երիտասարդական հիմնախնդիրներուն: Կազմակերպուած է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի գործունէութիւնը, գործադրուած է Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու համարկման երկու ծրագիր:
Կազմակերպուած են «Սփիւռքի համայնքային օրերը Հայաստանում» 2 ծրագիր, «Իմ Հայաստան» եւ «Կոմիտաս» փառատօնները, սփիւռքահայ անհատներու մեծարման երեկոներ: Պատրաստուած են արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքեր, սփիւռքի կրթօճախներուն նկատմամբ ցուցաբերուած է մեթոտական, նիւթական աջակցութիւն, կազմակերպուած են ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրա-գիրներ, տրամադրուած է մեծ քանակութեամբ ուսումնական գրականութիւն։ Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային քոնկրեսի հետ կազմակերպուած են 8 անուանակարգով մրցանակաբաշխութիւններ: Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է Սփիւռքի մէջ 60 նոր միօրեայ դպրոցներու բացման: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ իրականացուած աշխատանքները ամփոփուած են վերջերս կայացած համաժողովին ընթացքին: Իրականացուող աշխատանքներուն մէկ մասը կը կրէ շարունակական բնոյթ:
Զեկուցողը նշած է, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական հինգերորդ «Յարափոփոխ աշխարհի հայկական իրականութիւնը» խորագիրով համաժողովը պիտի կազմակերպուի 19-21 Սեպտեմբեր 2014ին:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին ներկայացուած առաջարկները պէտք է խմբաւորել եւ ճշդել աշխատանքային ուղղութիւնը, որուն համար պէտք է կազմել աշխատանքային խումբ, պատրաստել քննարկուող խնդիրներու թղթածրար եւ զայն բաժնել Սփիւռքի գաղութներուն:
Նախարարութեան աշխատակազմի քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուցած է քարտուղարութեան պետ Ա. Էլչիբեկեանը՝ նշելով, որ կառավարութեան կողմէ տրուած յանձնարարականները նախարարութիւնը կատարած է ժամանակին եւ ամբողջութեամբ:
Ամփոփելով նիստը՝ նախարար Յակոբեան նշած է, որ պէտք է աշխուժացնել համայնքներուն հետ աշխատանքը, փորձել կապ հաստատել նորաստեղծ, չէզոք գաղութներուն հետ եւ ծանօթանալ անոնց հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.