2014-06-28 13:20:27

Մեսրոպեան վարժարանի ՙՇուշի՚ պարախումբին անդրանիկ ելոյթը։


Ուրբաթ, 27 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբի անդրանիկ ելոյթը, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստասէրներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ելոյթը սկսաւ «Սասնայ պար»ի կատարումով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Աւօ Գարաքէշիշեան: Ան նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակը հանդիսացած է նորանոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու հանգրուան մը, եւ «Շուշի» պարախումբի այս անդրանիկ ելոյթը կու գայ աւելցնելու յաջողութիւններուն վրայ նոր նուաճում մը:
Ապա ելոյթ ունեցան պարախումբի հինգ խումբերը` փոքրերու եւ միջակներու խումբեր, «Տանս Տը Սալոն»ի փոքրերու եւ մեծերու խումբեր եւ նախկին սաներէ կազմուած խումբ մը: «Շուշի» պարախումբի պարուսոյցներն են Սարին Արթինեան-Տէմիրճեան եւ Սարին Պողչալեան:
Մասնակիցները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին պարեցին հայկական, լիբանանեան եւ այլ պարեր: Իւրայատուկ էր ելոյթին այլազանութիւնը պարատեսակներուն` ազգագրական, տապքէ, սալսա, թանկօ, չաչա, ռումպա... «Շուշի» պարախումբի 80 անդամները իրենց որակաւոր կատարումներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն: Ելոյթի գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ պարային միացեալ կատարումով:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ վարժարանի պարախումբի անդրանիկ ելոյթէն կը բացակայի պարախումբի հիմնադիր Յարութ Գարաճեանը, որուն ջանքերուն շնորհիւ ստեղծուած էր պարախումբը:
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը մեծապէս արժեւորեց գործունէութիւնը երկու պարուսոյցներուն, որոնք հետեւողականութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարած են իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Պրն. Գալուստ հաստատեց, որ այս ելոյթը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանը արժանի է 75-ամեայ պատմութիւն ունենալու եւ պարտաստ է երթը շարունակելու դէպի հարիւրամեակ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ







All the contents on this site are copyrighted ©.