2014-06-28 10:39:38

Գ. Կիրակի Հոգեգալստէն ետք
Մատ. 12, 1-8


RealAudioMP3 «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ»:
Աստուծոյ դրական մէկ օրէնքն է շաբթուան մէկ օրը սրբացնելը, այսինքն` Աստուծոյ պաշտամունք եւ զոհակատարութիւններ մատուցանելով եւ միաժամանակ ծառայական աշխատանքէ ետ կենալով, որով այսօր քրիստոնեաները պարտական են կիրակի եւ տօնական օրերը Ս. Պատարագի մատուցման ներկայ ըլլալու եւ ծառայական գործերէն զգուշանալու, որքան որ հնարաւոր է, ինչպէս կ՛ըսուի. «հարկը կը լուծէ օրէնքը»:
Գալով այսօրուայ աւետարանին` Փարիսեցինեը միշտ լարուած Յիսուսի դէմ` պատրուակներ կը փնտռեն զինքը յանցաւոր հանելու դիտումով: Օր մը երբ տեսան թէ անոր աշակերտները շաբաթ օրը արտերէն հասկ կը փրցնէին եւ կ՛ուտէին, ինչ որ օրէնքը կ՛արգիլէր, եւ նոյնիսկ իրենց համար արգիլուած էր հանգոյց քակելը, կերակուրին մէջ աղ ցանելը եւ այլն: Հետեւաբար, Յիսուսին ամբաստանեցին ըսելով . «Տե՛ս ի՞նչ կ՛ընեն աշակերտներդ, բան մը որ արտօնուած չէ շաբաթ օրով»: Ան սակայն ոչ միայն չդատապարտեց անոնց ըրածը, այլ մանաւանդ պաշտպանեց զիրենք փարիսեցիներուն յարձակումներուն դէմ` օրինակ բերելով ԴԱՒԻԹ մարգարէն, որ աւելի ծանր կերպով օրէնքին դէմ գործած էր` երբ Աստուծոյ տունը մտնելով` Առաջաւորութեան կամ ընծայման հացը կերած էր, որ թոյլ տրուած չէր ոչ իրեն եւ ոչ ալ իր հետեւորդներուն: Արդ Դաւիթին այս արարքը յանցանք մը չհամարուեցաւ, որովհետեւ ինքը եւ իրեն ընկերացողները անօթի էին:
Երկրորդ պարագան, որուն համար կարելի է աշխատիլ Աստուծոյ նուիրուած օրը, այն է երբ աշխատանքը կը կատարուի աստուածային պաշտամունքի համար: Այս բացառութիւնն ալ բացատրելու համար, Յիսուս ուրիշ օրինակ մը բերաւ` ըսելով թէ քահանաները կրակ կը վառէին, անասուններ կը մորթէին, այսուհանդերձ` անոնք շաբաթը պղծած չէին ըլլար, անոր համար որ այդ գործերը աստուածային պաշտամունքի կը վերաբերէին:
Յիսուս նաեւ ըսաւ անոնց. «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ»: Այս խօսքով կ՛ուզէր հասկցնել անոնց թէ թէպէտ աստուածային պաշտամունքը մարդուս առաջին մեծ պարտականութիւնն էր, այսուհանդերձ ան կ՛արտայայտուէր ընկերսիրութեամբ, որովհետեւ մէկը չի կրնար Աստուծոյ հաճելի ըլլալ, եթէ իր եղբօր օգնութեան չփութայ, անոր կարօտութեան մէջ: Արդարեւ, Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ ողորմութիւն: Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ բարեգութ ըլլալ, բարեսէր ու մարդասէր: Զոհը կարեւոր է, սակայն եթէ մեր պաշտամունքին զուգահեր սէր չկայ, ապարդիւն է: Աստուած չ՛ընդունիր մեր աղօթքները, եթէ մեր սիրտը ոխակալութեամբ եւ ատելութեամբ լեցուն է: Տէրը կ՛ուզէ մի միայն մեր խոնարհ սրտերն ու ազնիւ հոգիները:
Տէր Յիսուս, տուր ինծի խոնարհութիւն, նման փոխքրիկներու ունեցածին, որպէսզի իմ անունս ալ գրուի անոնց խումբին մէջ` որոնց պիտի յայտնես Հօրդ գաղտնիքները: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.