2014-06-27 10:09:24

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու աննախընթաց ժողով Պալամանտի մէջ


Հինգշաբթի, 26 յունիսին, Պալամանտի Համալսարանին մէջ, յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ արեւելեան Եկեղեցիներու պատմութեան մէջ աննախընթաց համաժողով մը, որ համախմբեց յոյն ուղղափառ, մարոնիթ, հայ կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, յոյն կաթողիկէ, ասորի ուղղափառ վեց Եկեղեցիներու պատրիարքները՝ Ժան Ժ., Պշարա Րաի, Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Իգնատիոս Եունան, Կրէկուար Գ եւ Իգնատիոս Բ. Էֆրեմ։ Համաժողովին նպատակն էր արտայայտել քրիստոնեաներու միասնական զօրութիւնը եւ արաբական աշխարհի քրիստոնեաներուն կառչումը իրենց հողին։ Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան իրավիճակը՝ վերջին եւ յաճախ ողբերգական զարգացումներու,մասնաւորաբար տեղի ունեցող բռնագաղթերու, շրջանի քրիստոնեայ բնակչութեան մասսայական արտագաղթի եւ արաբական աշխարհը փոթորկող իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Համաժողովի բացման իրենց ելոյթներուն մէջ, հոգեւոր պետերը վերահաստատեցին իրենց միասնականութիւնը եւ իսլամական աշխարհին բացուելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Ասորի կաթողիկէ պատրիարքը առաջարկեց տօնացոյցերուն եւ մասնաւորաբար Զատկի Տօնի թուականներուն նոյնացումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.