2014-06-27 09:23:54

«Պաղեստինը պատրաստ է Իսրայէլի հետ վերսկսելու բանակցութիւններուն» կ՛ըսէ Ապպաս


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիային մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Պաղեստինը պատրաստ է վերսկսելու Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն, եթէ ազատ արձակուի պաղեստինցի գերիներու 4-րդ խումբը:
«Մենք կը հաստատենք մեր` խաղաղութեան ձգտումը: Մենք պատրաստ ենք յառաջիկայ 9 ամիսներուն ընթացքին վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան, եթէ Իսրայէլ ազատ արձակէ չորրորդ խումբը պաղեստինցի գերիներուն, որոնք շատոնց կը տառապին իսրայէլեան բանտերուն մէջ», ըսած է Ապպաս:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ նշած է, որ բանակցութիւններու վերսկսման պարագային առաջին երեք ամիսները պիտի յատկացուին Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանազատման` ըստ 4 յունիս 1967-ի սահմաններուն, եթէ Իսրայէլ այդ երեք ամիսներուն ընթացքին դադրեցնէ բնակավայրերու շինարարութեան հոլովոյթը:
«Խաղաղութիւնը մեր նպատակն է, որուն իրագործման կը ձգտինք` շրջափակումին վերջ տալու եւ անկախ պետութիւն ստեղծելու համար», աւելցուցած է Ապպաս:







All the contents on this site are copyrighted ©.