2014-06-26 09:26:32

Պէյրութ. Ռաուշէի «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը ինքզինք կը պայթեցնէ


Մէկ շաբթուան մէջ երրորդը… Անակնկալներու կամ նուաճումներու մասին չէ խօսքը, ոչ ալ քաջագործութիւններու կամ հերոսական արարքներու, այլ` ահաբեկչութեան, պայթումներու, անձնասպանական գործողութիւններու եւ անոնց յաջորդող սովորական «արարողութիւններուն», սկսեալ` պայթումին վայրի շրջափակումէն, հասնելով մինչեւ փրկարար աշխատանքները, պետական անձնաւորութիւններուն դէպքի վայր ժամանումը, ապա զոհերու եւ վիրաւորներու վերջնական թիւի յայտարարութիւնն ու վերջապէս դատապարտումի ալիքի բարձրացումը:
Այս բոլորին վարժ, սակայն այս բոլորը իր ազգային աւանդը չնկատող լիբանանցի քաղաքացին, երէկ դարձեալ ինքզինք գտաւ պատկերասփիւռի կայանները ողողած նոյնանման տեսարաններու դիմաց:
Երէկ երեկոյեան ժամը 7:33-ին, Ռաուշէի «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ արձանագրուեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որ պատճառեց 11 վիրաւոր:
Պայթումը, որ հետեւանք է անձնասպանական գործողութեան, գործուեցաւ «Տիւրոյ» պանդոկին երրորդ յարկին վրայ, երբ ընդհանուր ապահովութեան ուժերէն խմբակ մը ներխուժեց պանդոկ:
Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ականուած գօտիի մը միջոցով անմիջապէս ինքզինք պայթեցուցած էր, երբ
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու խմբակը բացած էր անոր սենեակին դուռը:
Աւելի ուշ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ «Տիւրոյ»-ի անձնակազմին մաս կազմող անհատ մը իմացուցած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակը` պանդոկին մէջ ապահովական կառոյց մը ներկայացնող ուժերու գոյութեան մասին:
Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը` Ապտել Ռահման Համիքի (ծնեալ` 1994-ին), սէուտցի քաղաքացի մըն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.