2014-06-26 11:44:14

Մալիքի կը մերժէ Ազգային Միութեան կառավարութիւն կազմելու կոչերը


Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի մերժեց ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութեամբ սիւննի ըմբոստներու դիմակայման համար ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմելու կոչերը, զորս նկատեց «սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում մը եւ ժողովրդավարական փորձառութեան վերջ տալու փորձ մը»:
Միացեալ Նահանգներ եւ շարք մը այլ երկիրներ երկրին քաղաքական ղեկավարներուն կոչ ուղղած էին յարանուանականութենէ եւ ազգային պառակտումներէ վեր կանգնելու:
Մալիքի իր շաբաթական պատկերասփռուած ուղերձին ընթացքին կոչ ուղղեց «բոլոր քաղաքական ուժերուն հաշտուելու»` «ահաբեկչական բուռն յարձակումին» լոյսին տակ:
Շիի վարչապետը նաեւ կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքին ներկայացուցչութիւնը աւելցնելու որեւէ խոստում չտուաւ:
«Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու վտանգաւոր նպատակները յայտնի են: Անիկա սահմանադրութեան դէմ եղողներուն կողմէ փորձ մըն է ջնջելու ժողովրդավարական մանուկ հոլովոյթը եւ քուէարկողներուն քուէները գողնալու», ընդգծեց Մալիքի:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց 1 յուլիսէն սկսեալ նոր համաձայնական կառավարութեան մը կազմութեան ձեռնարկելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.