2014-06-25 09:50:23

Լիբանան։ Թայեունէի պայթումին պատճառով սպաննուեցաւ ընդհանուր ապահովութեան քննիչներէն մէկը։


Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ 23 յունիսի երեկոյեան ժամը 23:40-ին, Թայեունէի հրապարակին վրայ գտնուող բանակի անցարգելին մօտ գործուած` 25 քիլոկրամ կշռող պայթուցիկ նիւթով ականուած իքնաշարժի պայթումի պատճառաւ զոհուած է Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու քննիչ` Ապտել Քերիմ Հուտրուժի, ու կան այլ 20 վիրաւորներ:
Բանակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ պայթումին մասին հետաքննութիւն բացուած է:
Թայեունէի պայթումը դատապարտեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններ:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Թայեունէն հարուածած պայթումը` զայն նկատելով ահաբեկչական տգեղ արարք մը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու եւ չընդառաջելու այն դաւադրութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումի սերմեր ցանել:
«Լիբանանը համայնքային եւ յարանուանական հաշիւներ մաքրելու կռուադաշտի կարելի չէ վերածել, եւ բոլոր այս փորձերը ձախողութեան պիտի մատնուին», ըսաւ Սալամ:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին ամրապնդելու իրենց պատրաստ վիճակը, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ առնել ահաբեկիչներն ու անոնց արարքները:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի դատապարտեց Թայեունէի վրայ գտնուող բանակի անցարգելը թիրախ դարձուցած պայթումը եւ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի միասնականութեան ամրապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակայել երկրին սպառնացող ահաբեկչական մարտահրաւէրը:
Փլամպլի վերահաստատեց ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:








All the contents on this site are copyrighted ©.