2014-06-25 10:12:42

Ամերիկեան Քոնկրեսը պիտի քուէարկէ Թուրքիոյ կողմէ եկեղեցական գոյքի վերադարձման հարցը:


ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յունիս 26ին քուէարկութեան պիտի դնէ Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցական գոյքի վերադարձման վերաբերող «HR-4347» բանաձեւը:
Բանաձեւը Քոնկրեսին ներկայացուցած են Էտ Ռոյսը ու Էլիըթ Էնկըլը: Անիկա արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ ամէն տարի հաշուետու ըլլալ Քոնկրեսին առջեւ, թէ արդեօք Թուրքիան պատրա՞ստ է վերադարձնելու առգրաւուած գոյքն ու ունեցուածքը ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ՝ Կիպրոսի գրաւեալ հատուածին մէջ: Բանաձեւին իբրեւ հիմք ծառայած է քրիստոնէական տաճարներու պարտադիր վերադարձին մասին 2011ի Դեկտեմբեր 13ին ընդունուած «HR-306» բանաձեւը: «HR-4347»ը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ընէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու, քրիստոնեաներու գոյքերը վերադարձնելու եւ յարգելու անոնց սեփական հաւատքը դաւանելու իրաւունքը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ամերիկահայերուն կոչ կ՛ընէ Յունիս 24ին հեռաձայնելու իրենց քոնկրեսականներուն կամ գրառում կատարելու անոնց «Ֆէյսպուք»ի կամ «Թուիթըր»ի էջերուն վրայ՝ պահանջելով անոնցմէ քուէարկել «HR-4347»ին յօգուտ:
Յիշենք, որ 2011ի Դեկտեմբեր 13ին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու կրօնական ունեցուածքը վերադարձնելու մասին «HR-306» բանաձեւը: Նոյն տարուան ամրան, Ներկայացուցիչներիու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 43 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով քուէարկած էր քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձման օգտին: Այս տարուան Մարտին, նմանատիպ բանաձեւ մը եւս (H.Res.180) ընդունուեցաւ՝ յունական լոպիի ճնշումին իբրեւ հետեւանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.