2014-06-24 14:03:16

''Քրիստոնեան գիտէ խոնարհիլ Տէրը հռչակելու համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի տօնին առթիւ։


''Քրիստոնեան ինքզինք չի հռչակեր` այլ Տէրը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, երեքշաբթի, 24 յունիսի առաւօտեան մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին, խորհրդածելով մարգարէներու կոչումի մասին որ է` պատրաստել, կռահել եւ խոնրահիլ։
''Պատրաստել Տիրոջ գալուստը, կռահել որ Ան` Տէրն է ու խոնարհիլ որպէսզի Տէրը բարձրանայ''։ Սրբազան Հայրը այս երեք իրողութիւններուն մէջ պարփակեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի կոչումը որուն տօնը կը նշուի այսօր։
Յովհաննէս Մկրտիչը կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր. Ժողովուրդը Անոր կը հետեւէր։ Անոր խօսքերը սրտերը կը թափանցէին, սակայն Ան ինքզինք հռչակեց` որպէս պարզ ձայն մը որ կը պատրաստէ Տիրոջ ճանապարհը։ Յովհաննէս Մկրտիչ ճանչցաւ Տէրը ու զինք ներկայացուց որպէս ''գառն Աստուծոյ, որ աշխարհի մեղքերը կը քաւէ''։ ''Ես անոր կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ'' յայտնեց Յովհաննէս Մկրտիչ բացայտյելով իր կոչումին երրորդ յատկութիւնը` խոնարհութիւնը։Ան նուազեցաւ` մինչեւ իր անձին ոչնչացումը, որպէսզի Տէրը աճի ու զարգանայ։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով Յովհաննէս Կատրապետի կոչման երեք յատկութիւնները` պատրաստել, կռահել եւ նուազիլ։ Մէկ անձ, երեք կոչում։ Քրիստոնեային կոչումն ալ այսպէս ըլլալու է։ Ան ինքզինք չի հռչակեր այլ կը հարթէ` Տիրոջ ճանապարհը։ Քրիստոնեայ մը` ըլլալու է գիտակից մարդ որ ճշմարտութիւնը կը կռահէ ու ապա ինքզինք կը խոնարհեցնէ Տիրոջ համար, որպէսզի միայն Ան բարձրանայ, ուրիշներու սրտին ու հոգւոյն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.