2014-06-24 09:06:24

Սուրբ Հոգին մեզի իսկական ազատութիւնը կու տայ


RealAudioMP3 Ճշմարիտ, Ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի, երբ երիտասարդ էիր, դուն ինքդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ'երթայիր հոն, ուր կ'ուզէիր: Երբ ծերանաս, դուն պիտի տարածես ձեռքերդ, եւ ուրիշ մը պիտի կապէ քեզի գօտիդ, եւ պիտի տանի քեզ հոն, ուր պիտի չուզէիր: Ասիկա ըսաւ նշանակելով, թէ ինչ մահով պիտի փառաւորէր Աստուած: Այս խօսքերէն ետք ըսաւ անոր. «Հետեւէ ինծի»: (Յովհ. 21, 18-19)
Այսօրուայ մտածականին մէջ Յիսուս կը փորձէ գիտնալ Սուրբ Պետրոսին հաւատքը եւ մանաւանդ իր դերը Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ: Մեր առջեւ կը յայտնուին երկու կեցուածքներ. առաջինը Պետրոսի խոստովանանքին մէջ երբ կ'ըսէր իրեն «կը սիրեմ քեզ» եւ Յիսուսի պատասխանին մէջ երբ Պետրոսին պատասխանելով կ'ըսէր. «Հետեւէ ինծի»: Յիսուսի հարցումին կրկնումը զղջում կը յարուցանէ որ է սիրոյ պտուղը, այս սուրբ մտատանջութեան բաղդատութենէն որմէ երբեմն կը տառապինք... կրնամ Աստուծոյ բացատրել թէ ես Զինք կը սիրեմ հակառակ իմ խեղճութեանս եւ կրկնուած սխալներուս...
Մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, երբեմն կ'ունենանք ելեվէջներ մեր սիրոյ անձկութիւններու եւ Յիսուսի յաճախակի հրաւէրներուն մէջ, մանաւանդ երբ Պետրոսին կը հրաւիրէր իր ոչխարները յայտնելու, այսինքն միանալու Քրիստոսի առաքելութեան որպէս բարի հովիւ, եւ «հետեւէ ինծի» այսինքն ցուցնելու միութիւնը Յիսուսի կեանքին եւ մանաւանդ յարութեան:
Սուրբ Պետրոսին այս զօրաւոր եւ յստակ հաւատքն է որ ինքզինք դասեց որպէս գլուխը առաքեալներուն, ինչպէս նաեւ եղաւ Աստուծոյ ողորմութեան վկան:
Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ իր անձին կպչիլ, իր կեանքին եւ իր նսեհին մասնակցիլ, իր ազատ հնազանդութեան եւ իր Հօր կամքին: Պետրոս՝ իր խոստովանանքով դարձաւ այն անձը որ վերջնական կերպով կը հետեւէր իր Տիրոջ: Ան քաջատեղեակ է որ Յիսուսի սէրը զինք մղեց իր թափը ունենալու: Հօր Որդին կու գայ զինք օգնելու իր տկարութեան մէջ: Իր Տիրոջ նայուածքներուն մէջ կը գտնէ Տիրոջ ողորմութիւնը որ իրեն վստահութիւն կը ներշնչէ. «Ո՜վ Տէր, դուն ամէն ինչ գիտես, սիրտս կը տեսնես, մանաւանդ իմ մեղքս եւ անկեղծ զղջումս: Այսօրուընէ սկսեալ Սուրբ Հոգին է որ իմ մէջս կ'ապրի, ինծի տալով ուժը որ զիս վախէն կ'ազատես, եւ որ զիս կը մղէ յանցարարութիւն առնելու Սուրբ Հոգիին շնորհքին մէջ ապրելու, եւ մանաւանդ Սուրբ Հոգիին մխիթարական ներկայութիւնը Եկեղեցւոյ եւ աշխարհիս հաւատացեալներու կեանքին մէջ: Մեր յոյսը այլեւս արդիւնք մը չէ ոչ մէկ հաշիւի այլ գործօն ներկայութիւն մը որ է Սուրբ Հոգին:
Տէրը մեզ կը կանչէ ըլլալու հոգիով աւետարանիչներ: Այս աւետարանիչներու յանձնարութիւնը հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն վրայ որ բոլորիս կը յայտնուի Խաչին վրայ եւ մանաւանդ Յարութեամբ: Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու իր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, մեր օրուայ գեղեցկութեան մէջ: Ըլլալու ենք իսկական աւետարանիչներ որոնք անձնասիրութենէն եւ տկարութենէն հեռու՝ կ'երթան հաւատքը ամէնախեղճերուն քարոզելու եւ ճանչցնելու մեր քրիստոնէութեան գեղեցկութիւնը:
Ո՜վ Յիսուս, մեր սրտին մէջ զետեղէ Սուրբ Հոգին որովհետեւ Ինքն է աղքատներու հայրը եւ սրտերու լոյսը: Թող մեր մէջ դնէ կեանքի անձնուիրումի հոգին քու Աւետարանդ քարոզելու եւ բոլորին հետ Եկեղեցւոյ աւետարանացման դաշտին մէջ աշխատելու: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.