2014-06-24 11:03:00

Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի փոխանցած տեղեկութիւնները Քեսապահայութեան մասին


15 յունիս 2014-ին սուրիական լրատուամիջոցներուն համաձայն Քեսապը ազատագրուած յայտարարուեցաւ ահաբեկիչ զինիալներէն: Հետեւաբար Քեսապի բնակիչները բռնեցին տուն դարձի ճամբան: Անոնց տուած վկայութեան համաձայն բնակարաններ, հաստատութիւններ, խանութներ, հողագործական սարքեր թալանուած են ու հրկիզուած: Մշակութային կեդրոնը եւ եկեղեցիներ հրկիզուելով ծանր վնասներ կրած են:
Սուրիական բանակը կը շարունակէ պայթուցիկ սարքերու եւ ականներու զերծման աշխատանքը: Ջուրի ու երեկտրականութեան մատակարարման եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու համար աշխատանքներ կը տարուին: Թուրքիան փակած է սահմանները Քեսապէն փախուստ տուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն առջեւ:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան յայտնած է, որ զինեալները քանդած են հայ կաթիղիկէ սուրբ Միքայէլ եկեղեցին, աւերած են վանքը եւ Բարեյուսոյ վարժարանը: Պղծած են նաեւ Եկեղեցւոյ կից թաղուած հայր Համազասպ վրդ. Գլնճեանի գերեզամանը՝ աճիւնները դուրս հանելով: Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն կարգ մը ընտանիքներ վերադարձած են Քեսապ, իսկ ուրիշներ կը սպասեն հիմնական կենցաղային ծառայութիւններու վերականգնումին, որ վերադառնան իրենց տուները: Ան նշեց նաեւ, որ 20 յունիս 2014-ին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիտասարդութիւնը օգնութեան ծրարներ բաժնած է բնակիչներուն:
Հայր Նարեկ վրդ.Լուիսեան վերջերս տեղեկացուցած էր, թէ յաջողած էր գնել Լաթաքիոյ մէջ ծախու հանուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող հնատիպ աղօթագիրքեր, Սուրբ Աւետարանի եւ Մաշտոցի ութ օրինակներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.