2014-06-24 09:02:37

Իսրայէլեան բանակը Սուրիական բանակին պատկանող 9 դիրքեր հարուածած է


Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է սուրիական բանակին պատկանող ինը դիրքեր, ներառեալ` 90-րդ վաշտը եւ Քնէյթրա շրջանին մէջ գտնուող Թել Շաարը:
Ան նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը Կոլանի բարձունքներուն սուրիական հատուածին մէջ հարուածած են շարք մը դիրքեր, որոնք արտօնած են եւ աջակցած «ահաբեկչական արարքին», որուն պատճառով չորս զինուորներ վիրաւորուած են, Արապայի բնակիչ պատանի մը մահացած է, ինչպէս նաեւ անոր հայրն ու այլ անձ մը վիրաւորուած են «Սուրիայէն կատարուած հրթիռարձակումի մը պատճառով»:
Ատրահի ըսաւ, որ իսրայէլեան հարուածներուն թիրախ դարձած են սուրիական հրետանիի մարտկոցները եւ զինուորական հրամանատարութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ մարզումի ճամբարներ:
Ան ընդգծեց. «իսրայէլեան բանակը վճռականօրէն պիտի գործէ` որեւէ տեղ եւ յարմար դատած որեւէ ձեւով պաշտպանելու համար իսրայէլացի քաղաքացիները»: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն իր կարգին յայտարարեց. «Իսրայէլեան ուժերը վճռականօրէն պիտի հակադարձեն Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ որեւէ ոտնձգութեան եւ ահաբեկիչներուն կամ սուրիական բանակին կողմէ որեւէ յարձակումի







All the contents on this site are copyrighted ©.