2014-06-24 10:34:09

Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու քարտուղարներու 42-րդ ժողովը։


19-22 յունիս, ֆրանսայի Սդրազպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասերու քարտուղարներու տարեկան 42-րդ ժողովը, մասնակցութեամբ Ս. Աթոռի մնայուն դեսպանատան։
Հաւաքին նպատակն էր մօտէն ճանչնալ. Եւրոպայի Խորհուրդը. Մարդու իրաւունքներու Ատեանը եւ Վենետիկի յանձնախումբը։
Եպիսկոպոսները` Եւրոպայի պատասխանատուներուն հետ միասին բաժնեցին մտահոգութիւնները հայող մարդու ճշամրիտ բարիքին. հոգեւոր, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ։
Հանդիպումներու ընթացքին ի յայտ եկաւ որ Եւրոպայի մէջ հաշտութիւնը այժմէական ու հռատապ նիւթ մըն է։ Անիկա չի մտիր լոկ անցեալի բաժանումի ու զինեալ ընդհարումի մոռացումին ու ներումին, այլ հարկաւոր է կէտնպատակ ունենալ ժողովուրդներու ու ազգերու միջեւ համագործակցութիւնը։ Այս իրականացնելու համար հարկաւոր է եղբայրօգնութիւնը եւ արդարութիւնը։
Հանդիպումը առիթ եղաւ նոյնպէս վերակոչելու կրօնական ազատութեան իրաւունքը, բժիշկներու խիղճի առարկութեան իրաւունքը, ընտանիքի պաշտպանութիւնը եւ գաղթականներու ու փախստականներու հարցը։ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարները շեշտեցին այն իրականութեան վրայ որ Եկեղեցին թէեւ հեռու կը մնայ քաղաքականութենէն սակայն խորապէս համոզուած է որ միմիայն այն քաղաքականութիւնը որ կը հիմնուի անհատի յարգանքի, ընդհանուր բարիքի, զօրակցութեան եւ օժանդակութեան վրայ, կարող է ստեղծել արդար, խաղաղասէր ու բեղուն ընկերութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.