2014-06-23 08:39:48

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Երրորդութենական Հաւատքով Քրիստոնեայ Ենք…


Սիրելի՛ ընթերցող, այս կիրակի կը տօնենք Ամենասուրբ երրորդութիւնը, որուն «Խորհուրդը քրիստոնեայ հաւատքին ու կեանքին կենդրոնական խորհուրդն է: Ան խորհուրդն է նոյնինքն Աստուծոյ: Ան է միւս բոլոր խորհուրդներուն հաւատքի աղբիւրը, լոյսը, որ կը լուսաւորէ զանոնք: Ան ամենահիմնական եւ էական ուսուցումն է հաւատքի ճշմարտութիւններուն նուիրակարգին»:

Այո՛, «բոլոր քրիստոնեաներուն հաւատքը կը հիմնուի Երրորդութեան վրայ», որուն անքննելի խորհուրդով, անիմանալի ճշմարտութեամբ եւ սրբազնասուրբ անունով կը սկսինք, կը շարունակենք ու կ՛աւարտենք ոչ միայն մեր խօսքն ու գործը, այլ նաեւ` մեր կեանքը:

Սկսելու, շարունակելու եւ աւարտելու նոյն հոլովոյթը դիպեցաւ Աստուածամարդուն համար, որուն մարդեղութեան աւետումը, այսինքն Յիսուս Քրիստոսի աստենական աշխարհին, ժամանակին ու պատմութեան մէջ սկզբնաւորումը յայտնաբերեց գոյութիւնն Աստուածային Երեք Անձերուն. «Մի՛ վախնար, ո՜վ Մարիամ, Հոգին Սուրբ պիտի գայ Քու վրադ եւ Բարձրեալին Զօրութիւնը պիտի հովանաւորէ Քեզ. ասոր համար Ան, որ պիտի ծնի Քեզմէ, սուրբ է ու պիտի կոչուի Աստուծոյ Որդի» (Ղկ. 1, 35):

Երրորդութեան Առաջին Անձն է Հայր Աստուած, որմէ Մարիամ Կոյսին ղրկուեցաւ աւետաբեր Գաբրիէլ հրեշտակապետը «Նազարէթ քաղաքը» (Ղկ. 1, 26-27): Երրորդութեան Երկրորդ Անձն է Որդի Աստուած, որ ծնաւ Մարիամ Կոյսէն (Մտթ. 1, 18-24): Երրորդութեան Երրորդ Անձն է Հոգի Աստուած, որուն հովանաւորութեամբ Մարիամ Կոյսը յղացաւ եւ ծնաւ «Որդին Բարձրեալին» (Ղկ. 1, 31-32):

Սկսելու, շարունակելու եւ աւարտելու նոյն հոլովոյթը դիպեցաւ Աստուածամարդուն համար, դիպեցաւ Աստուածամարդուն համար, որուն առաքելութեան սկիզբը ինքնայայտնութիւնն եղաւ խորհուրդն Ամենասուրբ Երրորդութեան, երբ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան ընթացքին տեսնուեցաւ երկնաէջ աղաւնակերպ Սուրբ Հոգին եւ լսուեցաւ երկնաւոր Հօր ձայնը. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, Դուն ունիս իմ ամբողջ հաճութիւնս» (Մրկ. 1, 10-11):

Սկսելու, շարունակելու եւ աւարտելու նոյն հոլովոյթը դիպեցաւ Աստուածամարդուն համար, դիպեցաւ Աստուածամարդուն համար, որուն առաքելութեան վերջը, աշակերտներէն հրաժեշտի պահուն, երբ յարուցեալ Տէրը` Յիսուս Քրիստոս քարոզելու եւ սորվեցնելու անոնց տուած իր հրահանգին մէջ վերահաստատեց ճշմարտութիւնն Ամենասուրբ Երրորդութեան. «Բոլոր ազգերը մկրտեցէ՛ք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մտթ. 28, 19):

Արդ, պահն է մատնանշելու Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդին մեր գործնականացումն ու ճշմարտութեան մեր ապրումը: Կ’ընծայուինք, կը մկրտուինք, կը դրոշմուինք, կը խոստովանինք, կ՛արձակուինք, կը հաղորդուինք, կը պսակուինք, կը ձեռնադրուինք, կ'օծուինք, կը մեռնինք եւ կ՛անմահանանք «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ», որոնք այսպէս անբաժանելի են մեր կեանքէն:

Երրորդութենական հաւատքով` այս իրողութիւնն է մեր առօրեային մէջ, որուն, սակայն, դժբախտաբար, չենք գիտակցիր լիովին: Դեռ աւելի: Օրինակի համար, թէպէտ մենք մեզ ստէպ կը խաչակնքենք Հօր եւ Որդիին եւ Հոգիին անունով, բայց եւ այնպէս խաչակնքումի րոպէին մեզի կը պակսի գիտակցութիւնը մեր ըրածին:

Մեր աւանդական զանցառութեան դիմաց` Տէրն աղերսե՛նք նուիրագործուած եւ նուիրագործող պատարագամատոյցին այս խնդրանքով. «Ո՜վ Քրիստոս, մեր Փրկիչը, մեզ դասաւորէ՛ Քու հարազատ երկրպագուներուդ կարգին, որոնք հոգիով ու ճշմարտութեամբ կը պաշտեն Քեզ: Որովհետեւ Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս եւ յաւիտենից»:

Այսօր կարդացինք չորրորդ աւետարանիչէն` Սուրբ Յովհաննէսէն այն հատուածը (Յվհ. 14, 15-21), որ մեզի կը փոխանցէ Յիսուսի` մեր Աստուածային Վարդապետին սրտէն ու բերնէն ելած խօսքերը: Անոնք կը սորվեցնեն ոչ միայն Եռանձնեայ Աստուծոյ գոյութիւնը, այլ նաեւ կը բացայայտեն պաշտօնն իւրաքանչիւրին: Հայրը, որ Արարիչն է: Որդին, որ Փրկիչն է: Հոգին, որ Սրբարարն է:

Առաւել: Հայրը հոս Ղրկողն է, որ կը կատարէ Յիսուսի խնդրանքը: Որդին հոս Աղաչողն է, որուն խնդրանքը կը կատարուի անպայման: Սուրբ Հոգին հոս Ղրկուողն է, որ առաքեալներուն վրայ իջաւ Պենտեկոստէին:

Աստուածային Երեք Անձերը իրարու մէջ են, իրարու հետ են եւ իրարու համար են` սիրո՛վ, գեղո՛վ ու լոյսո՛վ: Ա՛յս սիրով, գեղով ու լոյսով` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին կը տենչան ըլլալ մեզի հետ ու բնակիլ մեր մէջ` այսօր, վաղը եւ «յաւիտեան»:

Աստուածային Երեք Անձերուն այս տենչին կը դիմադարձենք, երբ առօրեային մէջ չենք գործադրեր Յիսուսի խօսքը. «Եթէ կը սիրէք Զիս, պատուիրաններս կը պահէք»:

Եւ որպէսզի լաւ հասկնանք Զինք, Տէրը կը կրկնէ իր խօսքը` մեզմէ իւրաքանչիւրիս շեշտելով իր միտքը. «Պատուիրաններս ունեցողը եթէ կը պահէ զանոնք, ա՛ն է, որ կը սիրէ Զիս»: Ուշադրութի՛ւն: «Զիս սիրողը պիտի սիրուի իմ Հօրմէս: Ես ալ պիտի սիրեմ Զինք եւ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր»:

Յստակ է եզրակացութիւնը: Մեր պարապ սրտերուն եւ մեր սին բերաններուն պէտք չունի Աստուած, այլ կարիքն ունի իր պատուիրանները սիրող, պահող եւ գործադրող քրիստոնեային, որուն կ՛ապահովցնէ հետեւեալ ճշմարտութիւնը. «Եթէ մէկը կը սիրէ Զիս, կը պահէ իմ խօսքերս: Հայրս պիտի սիրէ զինքն ու պիտի գանք անոր եւ մեր բնակարանը պիտի հաստատենք անոր մէջ» (Յվհ. 14, 23):

Աստուածային Երեք Անձերուն սիրազեղ, շնորհագեղ եւ լուսաբաշխ բնակութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ Մարիամի` Հօր Դուստրին, Որդիին Մօր եւ Սուրբ Հոգիին Հարսին միջնորդութեամբ:

Մաղթանքիս կը կցեմ օրհնութիւնս. «Բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին սիրէ՜, օրհնէ՜ ու պահպանէ՜ ձեզ Աստուած` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին: Մնացէ՛ք Տիրոջ շնորհքին ու խաղաղութեան մէջ: Ամէ՛ն»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 15 յունիս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.