2014-06-23 09:49:17

Ասատը տապալելու կարող ընդդիմութեան մը գոյութիւնը անիրատեսական եւ «պատրանք» կը թուի. Պարաք Օպամա։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.էս.» հեռուստատեսութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իշխանութեան բացը օգտագործեց զէնքեր ու ներուժ հաւաքելու եւ գետնի վրայ իր իշխանութիւնն ու ուժը ընդլայնելու համար:
Այն հարցին, որ եթէ Ուաշինկթըն որոշէ Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութեան ուժերուն աջակցիլ, իշխանութեան այդ բացը գոյութիւն պիտի ունենա՞յ, Օպամա պատասխանած է. «Ասատը պարտութեան մատնելու պատրաստ սուրիական չափաւորական ուժի մը գոյութեան գաղափարը ճիշդ չէ, ուստի ամէն պարագայի իշխանութեան բացը գոյութիւն պիտի ունենայ»:
ԱՄՆ նախագահը նշեց, որ իր վարչակազմը շատ ժամանակ վատնած է սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան հետ աշխատելով, սակայն Ասատը տապալելու կարող այդպիսի ընդդիմութեան մը գոյութիւնը անիրատեսական եւ «պատրանք» կը թուի ըլլալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.