2014-06-23 08:57:32

«Հայրերու օրուան առիթով Լիբանան որբ է» ըսաւ Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ նախ եւ առաջ ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան կարիք ունինք, որպէսզի կարենանք ուրիշը ընդունիլ եւ վերջ տանք քանդումին:
«Հետեւաբար կը շեշտենք, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան, կայունութեան եւ չափաւորականութեան կերտումին մէջ քրիստոնեաները հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենան», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց հայրերու տօնին առիթով Պքերքէի մէջ մատուցուած պատարագին. ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ հայրերու օրուան առիթով Լիբանան որբ է, որովհետեւ ան զրկուած է իր հանրապետութեան նախագահէն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.