2014-06-21 08:50:07

Օպամա եւ Փութին մտադիր են Քննարկել Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցերը


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա յառաջիկայ օրերուն մտադիր են քննարկել Ուքրանիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ իրավիճակը:
«Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի Փութինի եւ Օպամայի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը` ուքրանական հարցին շեշտադրումով, պիտի քննարկուի նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցը», ըսած է Ուշաքով:
Ան նշած է նաեւ, որ նախագահները երկու անգամ հաղորդակցած են Նորմանտիի մէջ եւ համաձայնած, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն պիտի ունենան, եւ այժմ այդ համաձայնութիւնը կ՛իրականացուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.