2014-06-21 09:22:35

Բ. Կիրակի Պենտեկոստէ


RealAudioMP3 «Դու ես վէմ եւ ի վերայ այդր վիմի շինեցից ԶԵկեղեցի իմ, եւ դրունք դժոխոց զնա մի յաղթահարեսցեն »
Պենտեկոստէի Բ. Կիրակին, հայ ծիսական օրացոյցին համաձայն տօնն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ: Չեմ գիտեր եթէ այլ ծեսերու մօտ ալ գոյութիւն ունի՞ թէ ոչ եկեղեցւոյ տօնը, այնքան որքան հայ ծէսին մէջ: Շատ գեղեցիկ եւ նուիրական է որ զաւակները յիշեն իրենց մայրը եւ կատարեն անոր տօնը: Տարուան մէկ օրը «Մայրերու օր» հռչակուած է համայն աշխարհի մէջ. եկեղեցին ալ մեր հասարակաց մայրն է, մեր հաւատքի Մայրն է, Հաւատքի առաջին դպրոցն է, որուն ծոցին ներքեւ կը սորվինք քրիստոնէական գլխաւոր արժէքները` Հաւատք, յոյս, եւ Սէր: Հաւատքի այս դպրոցին հիմնադիրը եւ առաջին աշակերտը եղաւ Նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, Հովիւ սուրբ, Հովիւ բարի, Հովիւ քաջ որ իր կեանքը տուաւ եւ կը շարունակէ զայն տալ ամէն օր, Պատարագի զոհին միջոցաւ իբր քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց: Քրիստոս հիմնած եկեղեցւոյ վէմը` հանդիսացաւ Պետրոս իր բացառիկ դիրքով, եւ իրական Պետի գիտակից ընթացքով:
Պետրոս հիմն է եկեղեցւոյ, զոր դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն: Պետրոս ծանր պաշտօն մը ստանձնեց, ըլլալու հովիւ եկեղեցւոյ, հաստատելու իր եղբայրները հաւատքին մէջ եւ միանգամայն հովուելու Քրիստոսի հօտը: Այս նոյն ծանր պաշտօնը, յանձնուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, զոր հաւատարմութեամբ Յիսուսի պատուէրին եւ խոստումին կը շարունակէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը, այն գիտակցութեամբ` որ հաւատացեալները, զորս Քրիստոս յանձնեց իրեն թանկագին են. Անոնք երբեք պիտի չկորսուին, եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք յափշտակել ու ձրուել, նոյնիսկ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր: Ամէն անգամ որ նոր քահանայապետ մը ընտրուի, սատանայական ուժերը կը մաքարին եւ յանդքնութեամբ կ’ըսեն. « Շատ մի հրճուիք ժամանակը հասած է, վերջին պապն է, զոր կը տեսնէք»: Սակայն Աստուծոյ եկեղեցին կայ եւ կը մնայ անսասան:
Եկեղեցին ունեցած է թշնամիներ եւ կը շարունակէ ունենալ: Թշնամիներ, որոնք կը փորձեն Զայն քանդել ու կործանել: Բարոյականով` վավերացումը միասերականներու ամուսութեան, վիժումը եւ այլ բարոյական հարցերով, որոնք անձրեւի պէս կը տեղան եկեղեցւոյ վրայ: Սակայն մոռնալու չենք ինչ որ վաստակաւոր Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. 2 տարի առաջ իր մէկ քարոզին մէջ ըսաւ. «Հովը կը փչէ Աստուծոյ տան վրայ, սակայն տունը ամուր է: Ամուր է, որովհետեւ շինուած է ժայրի վրայ: Հետեւաբար, ո՛չ անձրեւը, ո՛չ մրրիկը, ո՛չ ալ հոսող գետերը կրնան զայն սասանել»: Այս գեղեցիկ վկայութիւնը Քահանայապետին ցոյց կու տայ թէ Եկեղեցին նիւթական կառոյց մը չէ, այլ աստուածային կառոյց` շինուած ամուր ժայրի վրայ, եւ այդ ժայրը նոյնիքն Քրիստոսն է:
Եկեղեցին հզօր է, որովհետեւ անոր արմատները հզօր են: Անոր արմատները մենք ենք: զօրաւոր ենք երբ լսենք Աստուծոյ ձայնը, Անոր խօսքերը, անոր պատուիրանները պահենք: Հզօր է եկեղեցին, որովհետեւ Աստուածային է. «Ըսի ձեզի, բայց դուք չէք հաւատար: Գործերը զորս կ՛ընեմ Հօրս անունով, կը վկայեն ինծի, սակայն ինծի չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք» (Յով. 10, 25-26)
Պատմութեան մէջ գահեր տապալեցին, մեծ ազգեր ու պետութիւններ ոչնչացան, սակայն Եկեղեցին կանգուն է: Կանգուն կը մնայ իր հաւատքի վէմին վրայ` բարձր եւ անսասան: Կրնան սասանիլ մարդիկ, բայց Ս. Եկեղեցւոյ ուսուցումը եւ վարդապետութիւնը կը մնան անսասան:
Եկեղեցին Սուրբ է. Սուրբ է ոչ միայն իր գլուխով որ է Քրիստոս, այլ իր վարդապետութեամբ, խորհուրդներով, իր շատ մը անդամներու անբիծ վարքով ու առաքինութիւններով, իր առաքեալներուն զոհողութեամբ, որոնք հեռաւոր եւ շատ անգամ ապերախտ երկիրներ անգամ անվախ եւ անվարան կ’երթան տարածելու սուրբ Աւետարանը, որսալու մարդիկ եւ քաշելու դէպի Քրիստոս, դէպի կեանք: Ան Սուրբ է իր նահատակներու արիւնով, որ մեր օրերուն մէջ անգամ այնքան առատօրէն կը հոսին:
Յուսկ, այսօրուայ տօնակատարութիւնը հրաւէր է մեզի համար աղօթելու Եկեղեցւոյ հաստատութեան համար: Անոր հանդէպ տածելու սէր, յագանք ու հպատակութիւն: Սէր, որովհետեւ մեր մայրն է, եւ ո՞վ է որ չի սիրեր իր մայրիկը: Յարգանք, որովհետեւ Ան սովորական մայրերէն չէ, այլ Քրիստոսի ամենամաքուր, Անարատ Մայրը: Հպատակութիւն, որովհետեւ Ան մեր անձնական բարիքն է եւ յաւիտենական փրկութիւնը:
Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան կ’ըսէ. « Ոչ մէկ բան կայ աւելի զօրաւոր քան Եկեղեցին: Քու յոյսդ Եկեղեցին է, քու փրկութիւնդ Եկեղեցին է, քու ապաւէնդ Եկեղեցին է: Երկինքէն աւելի բարձր է ան. երկրէս աւելի ընդարձակ: Ան բնաւ չի ծերանար, միշտ կը զօրանայ: Փարի՛ր Ս. եկեղեցւոյ, մի՛ հեռանար եկեղեցիէն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.