2014-06-21 08:44:34

Անձնասպանական գործողութիւն մը կը հարուածէ Տահր Էլ Պայտարի ներքին ապահովութեան ուժերուն անցարգելը


Ուժգին պայթում մը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին թիրախ դարձուց Տահր էլ Պայտարի ներքին ապահովութեան ուժերուն անցարգելը:
Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան եւ պատճառած էր զոհ մը` Աւագ ենթասպայ Մահմուտ Մոհամետ Ժամալէտտին եւ 34 վիրաւոր, որոնցմէ վեցը` զինուորականներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ հասցուցած 7 այլ ինքնաշարժներու:
Ահաբեկչական գործողութեան համար օգտագործուած էր «Նիսան Միւրանօ» տիպի արծաթագոյն ինքնաշարժ մը, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմի շքախումբէն միայն հարիւր մեթր անդին կը գտնուէր։







All the contents on this site are copyrighted ©.