2014-06-20 10:26:56

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիսապետեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը` ''Մեր իսկական սնունդը Յիսուսի Մարմինն ու Անոր Արիւնն է''։


Հինգշաբթի, 19 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսապետեց Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագին, Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարի հրապարակին վրայ, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը որ սկիզբ առաւ վերոյիշեալ Պազիլիքայի հրապարակէն ու վերջ գտաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակին վրայ` Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութեամբ։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ ''բացի ֆիզիքական անօթութենէն, մարդը ունի այլ անօթութիւն մը, որ կարելի չէ յագեցնել սովորական ուտելիքով։ Կեանքի, սիրոյ եւ յաւիտենականութեան անօթութիւն մը, զոր միայն Տէրը կարող է յագեցնել։Անոր Մարմինը հացի կերապարանքի տակ իսկական կերակուրն է, ու Անոր գինիի կերպարանափոխուած արիւնը մեր իսկական ըմպելին է։ Պարզ ուտեստեղէն մը չէ այլ հաց մը որ կարող է կեանք պարգեւել` յաւիտենական կեանքը, որովհետեւ այդ հացին բնոյթը Սէրն է։
Սուրբ Հաղորդութեան մէջ - ըսաւ ապա Քահանայապետը – կը հաղորդուի Տիրոջ մեզի հանդէպ ունեցած Սէրը։ Վեհանձն ու ձրի Սէր մը, տրամաիդր ընկալելու անօթի եւ կարիքաւոր անձերը։
Հաւատքի փորձառութիւնը պարիլ կը նշանակէ սնունդ ստանալ Տիրոջմէն ու մեր էութիւնը հիմնել ոչ թէ նիւթական բարիքներու վրայ, այլ իրականութեան մը վրայ որ կարելի չէ կորսնցնել, ինչպէս` Աստուծոյ շնոհքները, Անոր Խօսքը ու Անոր մարմինը։
Իր քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարեց ճանչնալ իսկական հացը ու զայն գիտնալ բաղդատել կեղծ ու պիղծ հացին հետ` որ եսասիրութեան ու մեղքի պտուղն է. Ան ապա հաւատացեալները հրաւիրեց Սուրբ Հաղորդութեան թափօրի ընթացքին հետեւելու Յիսուսին` որ իսկապէս ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ու անորմէ վստահութեամբ հայցելու որ մեզ պաշտպանէ աշխարհիկ կերակուրէն որ մեզ ստրուկ կը դարձնէ, մաքրագործէ մեր խիղճը, յիշելու համար ու այդ յուշը դարձնելու իրեն փրկարար անհուն սիրոյ յուշակոթող մը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.