2014-06-20 09:42:47

Սպանիոյ նոր թագաւորին երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ


«Ֆրանս 24» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ նոր թագաւոր Ֆիլիփէ Զ. երէկ խորհրդարանին առջեւ պաշտօնապէս երդում տուաւ իբրեւ երկրին նոր միապետ` խոստանալով գահակալութեան ընթացքին յարգել Սպանիոյ սահմանադրութիւնը:
Թագաւորը հիմնականին մէջ արարողակարգային դերակատարութիւն ունի Սպանիոյ կառավարման հարցին մէջ, բայց եւ այնպէս յոյս կայ, որ ան կրնայ մեղմացնել Սպանիոյ հիւսիսը մոլեգնող անջատողական տրամադրութիւնները:
46 տարեկան Ֆիլիփէ Զ. պէտք է բաւական մեծ ջանքեր գործադրէ երկրին միասնականութիւնը պահպանելու, Քաթալոնիոյ անկախացումը կանխարգիլելու եւ ըմբոստ պասքերը հանդարտեցնելու համար:
Ֆիլիփէ Զ. գահը ստանձնեց իր հօրմէն` Խուան Քարլոսէն, որ երկիրը կառավարած է շուրջ չորս տասնամեակ:
Ֆիլիփէ լաւ կրթութիւն ստացած է Սպանիոյ, ինչպէս նաեւ Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սպանիոյ թագաւորական տան նոր ղեկավարին հեղինակութիւնը տակաւին զերծ է լուրջ գայթակղութիւններէ, իսկ ընտանեկան կեանքը արքայադուստր Լեթիսիայի ու երկու դուստրերուն հետ օրինակ կը ծառայէ շատերու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.