2014-06-20 09:57:25

Իրաքի քարիւղի մեծագոյն հանքին շուրջ բախումներ։


Իրաքեան կառավարական ուժերը եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը շարունակեն երկրին քարիւղի մեծագոյն հանքին` Պայիժիի վերահսկողութեան համար ճակատամարտը: Իրաքեան բանակէն բանբեր մը յայտնեց, որ բանակը յաջողած է ետ մղել զինեալներուն իրերայաջորդ յարձակումները: Ան հերքեց, որ քարիւղի հանքը գրաւուած է, սակայն կարգ մը աշխատաւորներ յայտնեցին, որ զինեալները գրաւած են անոր մեծամասնութիւնը եւ կառավարական ուժերը կեդրոնացած են հանքի աշխատանքի կառավարման սենեակին շուրջ:
Երկրին սպառած վառելանիւթի մեծամասնութիւնը մատակարարող հանքին շուրջ ընթացող ճակատամարտը յառաջացուցած է այն մտավախութիւնը, որ Իրաք շուտով կրնայ վառելանիւթի պակաս եւ ելեկտրականութեան անջատումներ դիմագրաւել:
Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Քերքուքի հարաւը գտնուող Պայշիր գիւղը գրաւած են` սպաննելէ ետք 13 ոստիկաններ եւ փեշմերկաներ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի համար Իրաքի մէջ բոլոր ընտրանքները տակաւին սեղանի վրայ են, բացի ցամաքային ուժերու օգտագործումէն: Ան նշեց, որ Ուաշինկթընին հետաքրքրողը Իրաքի ժողովուրդն է եւ ոչ թէ վարչապետ Նուրի Մալիքին:
Մինչ այդ, Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի զգուշացուց, որ ամերիկեան բանակը տակաւին գործի լծուելու համար բաւարար տեղեկութիւն չունի: Ան քոնկրեսական ունկնդրութեան մը ընթացքին ընդգծեց, որ օդուժի օդաչուները դժուարութիւն պիտի ունենան ճշդելու, թէ որո՛ւն կը հարուածեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.