2014-06-20 09:15:59

Ամուսնութեան խոչընդոտները


RealAudioMP3 Ամուսնութիւնը լոկ պղատօնական բարեկամութիւն չէ : Ամէն բանէ առաջ աւելի սեռերու յարաբերութիւն մըն է, ու Աստուած ինքնին ստեղծած է սեռային ձգողութիւնը իբր դրդրում դէպի ամուսնութիւնը եւ իբր միջոց հասնելու իր վախճանականութեան : Ասոր համար պէտք է որ սեռային ձգողութիւն մը կանխէ ամուսնութիւնը, ինչ որ նախապէս բացատրեցինք երբ խօսեցանք ամուսնութեան պատրաստութեան մասին:
Շուկայի վրայ հրատարակուած են անթիւ ցուցակներ ամուսնութիւն մը կնքելու համար անհրաժեշտ նկատուած յայտարար յատկութիւններու: Փափաք չունինք անոնց մասին բաներ մը աւելցնելու կ՛ուզենք սակայն շեշտը դնել որոշ կէտերու մը մասին որոնք պահանջուած են կեանքի միակցութիւնը յաջողցնելու եւ ամուսնութեան խոչընդոտները փառատելու համար:
Պրիտանացի հետազոտողներ 2.000 ամուսնացեալ զոյգի մասին ուսումնասիրութեան նիւթ ըրած են, որոնց արդիւնքները կը պարզեն, թէ ամուսնութեան ամենէն երջանիկ տարին 3-րդն է, քանի որ արդեն այդ ժամանակն է որ զոյգերը կը սկսին հանգիստ համատեղ կեանք վարել՝ արդեն իմանալով մէկը միւսին թերութիւնները:
Ինչպէս կը նշէ The Telegraph-ը, ամուսնական կեանքի 1-ին եւ 2-րդ տարիի զոյգերը նոր կը սկսին ճանչնալ համատեղ կեանքի նախապէս անյայտ խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ նոր կը սկսին բացայայտուիլ իրար հանդէպ: Բացի այդ, առաջին 2 տարուայ ընթացքին շատ յաճախ անոնց հեքիաթային պատկերացումները ամուսնութեան վերաբերեալ կը փախին իրականութեան հետ, ինչ որ նաեւ հոգեբանական խնդիրներ կը յառաջացնեն:
Ըստ մասնագէտներու՝ ամուսնութեան 3-րդ տարիէն սկսեալ է որ կը դրուի ապագայ ամուր ընտանեկան կեանքի հիմնաքարը : Հետազոտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ այդ ժամանակամիջոցին է որ զոյգերը գոհ կը մնան իրենց ընտանեկան եւ ամուսնութեան կեանքէն, քանի որ կարող կ՛ըլլան ճիշտ կիսել բոլոր հոգերն ու ծախսերը :
Մինչդեռ 5-րդ տարին ճանաչցուած է ամենադժուարը, որով ըստ մասնագէտներու՝ պայմանաւորուած է հետեւեալ գործոններով՝ աշխատանք յոգնածութիւն, երեխաներու հոգեր : Բացի այդ, յայտնի դարձած է, որ ամուսնութեան 7-րդ տարին իւրատեսակ արգելք է, որ համատեղ յաղթահարելու դէպքին մէջ զոյգի յառաջ կը բացուի երկար ու երջանիկ ամուսնական կեանքի հեռանկարը :
Մասնագիտական տուեալներու համաձայն, շարք մը նկատառումներով ամուսնութեան լաւագոյն տարիքը 23-էն 27-ն է, երբ զոյգն ունի կենսաբանական փորձ, ինչպէս նաեւ գիտէ դասաւորել ընկերային կեանքը :
Այսօրուայ ընտանիքին ցաւալի խոչընդոտներէն մէկն է հպարտութիւնը, եսասիրութիւնը, անհնազանդութիւնը եւ անտարբերութիւնը : Երջանիկ ամուսնութեան մը համար եսասիրութիւնը սարսափելի պատուար մըն է: Ամուսնութեամբ հարկաւոր է աշխատիլ եւ ապրիլ միասին կարելիին չափ ամենասերտ մտերմութեան մթնոլորտին մէջ ու երկար ատեն : Անհրաժեշտ է ամենամեծ համերաշխութիւն շատ մը բաներու մէջ :







All the contents on this site are copyrighted ©.