2014-06-19 10:06:12

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հանդիսապետէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։


Հինգշաբթի, 19 յունիս 2014-ին, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 7ին կը հանդիսապետէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագին, Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին մէջ, որուն աւարտին տեղի կ՛ունենայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ կը սկսի վերոյիշեալ Պազիլիքայի հրապարակէն ու վերջ կը գտնէ Հրոմի Սանդա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակին վրայ` անցնելով 1,3 քմ երկարութեամբ ''Մէրուլանա'' պողոտայէն ։

Թափօրը կը գլխաւորէ Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին։
Անցեալ Կիրակի 15 Յունիսին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց բոլոր ուխտաւոր հաւատացեալներուն մասնակցելու այս տօնակատարութեան։ Յայտնենք թէ այս տօնախմբութեան աւանդական թափօրը հաստատուած է 16րդ դարուն եւ սոյն արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարտինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ եւ Հռոմի կղերական դասը ինչպէս նաեւ Հռովմէացի, իտալացի եւ օտարազգի բազմաթիւ ուխտաւորներ։

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ, վերջին ընթրիքի պահուն որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբի օրը երեկոյեան։
Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուցեաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Գիրգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանդա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահատատեց ու մինչեւ օրըս կը շարունակուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.