2014-06-19 09:49:35

Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնը։


՝՝Ցանկանալով ցանկացանք՝՝ այս խօսքերով Յիսուս հաստատեց սիրոյ խորհուրդը՝Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Հացին գոյութիւնը փոխարկեց խաչուած բայց փառաւորուած իր իսկ Մարմնին։ Արդարեւ Ան ըրաւ այն ինչ որ արդէն նախապէս ըսած էր Կափառնաումի մօտ,պատճառ դառնալով շատերուն իրմէ հեռանալուն։ ՝՝ Ես եմ կենդանի հացը երկնքէն իջած, եթէ մէկը այս հացէն ուտէ՝յաւիտենական պիտի ապրի՝՝....


Եկեղեցւոյ մասնայատուկ պաշտամունքը Սուրբ Հաղորդութեան նկտամամբ կը հիմնուի նոյնինքն Քրիստոսի Վարդապետութեան վրայ։ Երկնային հացի ճառին մէջ Տէրը արդարեւ կ՝ըսէ ՝՝ Ես եմ կեանքի հացը՝՝ եւ նոյն ճառին մէջ կ՝ըսէ նաեւ ՝՝Եթէ չուտէք մարդու Որդիի մարմինը եւ չճաշակէք անոր արիւնը, կեանք չունիք ձեր անձին մէջ՝՝։ Իր մարմնով եւ արիւնով Յիսուս կ՝ուզէ իրականացնել եւ հաւատացեալներուն ապրումին տալ մօտիկ միութիւնը իրենց Փրկչին հետ։ ՝՝Ով որ կը ճաշակէ իմ մարմինս եւ կ՝ըմպէ իմ արիւնս կը բնակի իմ մէջս եւ ես անոր մէջ՝՝։


Յիսուս Հաղորդութեան հաստատութիւնը չկատարեց իբրեւ միայան պարզ յիշատակելի դէպք մը, այլ իր առաքեալներուն ու Եկեղեցւոյ տուաւ նաեւ պատուէրը զայն կրկնելու դարէ դար, մինչեւ աշխարհի կատարածը, որպէսզի հաւատացեալները ճաշակեն զայն իբրեւ աղբիւր Սրբութեան։ Յիսուս կը պատուիրէ Առաքեալներուն ՝՝ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար՝՝։


Առաքելական եւ յետ- առաքելական անմիջական շրջանին արարքը կը կոչԷին ՀԱՑԻ ԲԵԿԱՆՈՒՄ, ապա կոչեցին զայն ԳՈՀՈՒԹԻՒՆ , ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ կամ ՍՈՒՐԲ ԶՈՀ եւ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուեցաւ 1264 թուականին, որպէս հետեւանք 1263-ին Իտալիոյ Պոլսենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հրաշքին։


Այս տօնի առթիւ յիշենք նաեւ Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը որ 1915ի Մայիս ամսուայ սկիզբները, իր 420 ընկերներուն բաժնած է Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ ամէնքն ալ քաջաբար դաւանած են իրենց հաւատքը եւ մերժած`մահմէտական կրօնի յարիլը։ Ուստի բոլոր դարերու մարտիրոսները նախ ջանացած են ՝՝ճաշակել՝՝ Յիսուսի Մարմինը եւ ապա նետուիլ արիւծներու բերանը կամ թէ դահիճներու առջեւ անվախ։


Երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեան 1951ին Ասսիզիի մէջ իր արտասանած հոյակապ ճառով ''Արեւելեան եկեղեցւոյ հաւատքը Ս. Հաղորդութեան հանդէպ '' նիւթին մասին, կը հաստատէ թէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը պերճութեամբ, փաստերու առատութեամբ եւ պայծառութեամբ ուսուցուած է Արեւելքի առաջին դարերու հայրերու կողմէ։ Այդ ուղղութեամբ Կարտինալը նաեւ կը մէջբերէ մեր սուրբ հայրերու հաւատոյ դաւանանքը հանդէպ Ամենասուրբ Հաղորդութեան։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մկրտելէ ետք հայերու մեծ բազմութիւն մը, ամէնուն բաշխեց Յիսուսի Սուրբ Մարմինն ու թանկագին Արիւնը։ Բոլորիս Փրկչին՝ Քրիստոսի ''Մարմինն ու Արիւնը՝՝ որ է կենարար՝ բոլոր մարդերուն, Արարիչ՝ համայն աշխարհի։

Մանդակունի Ս. պատրիարքը կը հաստատէ. ''ճշմարիտ հաւատքով կ'իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է Խորանին վրայ, կը մերձենանք իրեն, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք ու զինք կ'ընդունինք մեր մէջ''։ Իսկ Եղիշէն` Պլպուլը Աւարայրի , կը սորվեցնէ թէ Յիսուս ինչպէս վերջին ընթրիքի ընթացքին, ճաշակեց ինքզինք, եւ կը յաւելու. ''Մենք եւս, Տիրոջ Խորանին առջեւ, կը վերակոչենք Քրիստոսի մահը, ՜՜հացը եւ գինին՝՝ չեն մնար այնպէս` ինչպէս որ էին առաջ, այլ կը դառնան Մարմին եւ Արիւն Քրիստոսի''։







All the contents on this site are copyrighted ©.