Մոսկուա 20 յունիսին Քիեւէն 75 միլիոն տոլարի վճարում կ՛ակնկալէ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ելեւմուտքի փոխնախարար Սերկէյ Սթորչաք լրագրողներուն
յայտնած է, որ Մոսկուա 20 յունիսին Ուքրանիայէն 75 միլիոն տոլարի վճարում կ՛ակնկալէ`
պարտատոմսերու դեկտեմբերեան թողարկման փակման հաշուոյն: 20 յունիսին, Ուքրանիան պէտք
է պարտատոմսերու կէս տարուան համար վճարում կատարէ, որոնց թողարկումը երեք միլիառ տոլարով
Ռուսիան ձեռք բերած է 2013-ի դեկտեմբերին: Բացի ատկէ, Սթորչաք հաղորդած է, որ Քիեւին
15 միլիառ տոլար ելեւմտական օգնութեան երկրորդ բաժինի յատկացումը, որուն մասին համաձայնութիւն
գոյացած էր Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի օրօք, օրակարգի վրայ չէ: