2014-06-19 10:07:39

Հարաւային Քորէայի եկեղեցին կը հրաւիրէ հիւսիսային Քորէայի հաւատացեալները մասնակցելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական այցելութեան։


Հարաւային Քորէայի եկեղեցին հրաւէր ուղղած է հիւսիսային Քորէայի հաւատացեալներուն, մասնակցելու համար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, յառաջիկայ 18 օգոստոս 2014-ին, Սէուլի մէջ մատուցանելիք սուրբ պատարագին։
Սէուլի առաջնորդ` կարտինալ André Yeom Soo-jung, վերջերս պատմական այցելութիւն կատարած է Հիւսիսային Քորէայ, հանդիպում ունենալու կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ եւ զանոնք հրաւիրելու, մասնակցելու Սրբազան Քահանայապետի Քորէայ կատարելիք առաքելական այցելուէթեան։Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալը յոյս յայտնած է որ երկու Քորէաները շարունակեն երկխօսութիւնը ի սպաս խաղաղութեան հաստատումին։
ֆրանչիսկոս Քահանայպետը յառաջիկայ օգոստոսին պիտի մասնակցի, Ասիայի կաթողիկէ երիտասարդութեան հաւաքին'' ։ Այս երկրորդ անգամն է որ Քահանայապետ մը Հարաւային Քորէան կ'այցելէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն ետք, որ երկու անգամ այցելած է երկիրը առաջինը 1984-ին եւ երկրորդը 1989 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.