2014-06-19 09:56:05

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան նիստը դարձեալ յետաձգուեցաւ


Չորեքշաբթի, 18 յունիսին. Լիբանանի Խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան նիստը, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, սակայն ան նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին, խորհրդարան ժամանող երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով:Նշենք, որ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու համար խորհրդարան ժամանած էին 55 երեսփոխաններ:
Մինչ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրելու առումով, զօր. Աուն երկուշաբթի երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր դարձաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ընթրիքի հիւրը:
Ընթրիքին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ մարոնի համայնքին իրաւունքն է Լիբանանի եւ Արեւելքի մէջ ներկայացուիլ հզօր նախագահով մը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս է կացութիւնը շիի եւ սիւննի համայնքներուն:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններէն, գրած է, թէ զօր. Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին դրական արդիւնքները կարելի պիտի ըլլայ յաջորդող օրերուն շօշափել:







All the contents on this site are copyrighted ©.