2014-06-19 09:58:42

Ըստ համաշխարհային խաղաղութեան ցուցակին. Սուրիան փոխարինած է Աֆղանիստանը` իբրեւ աշխարհի նուազագոյն խաղաղ երկիր


Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկին, աշխարհը վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին շարունակած է խաղաղութենէն եօթնամեայ անկումը: Ըստ Համաշխարհային խաղաղութեան ցուցակին, որ հրապարակուած է Իրաքի վերջին զարգացումներէն առաջ, Սուրիան փոխարինած է Աֆղանիստանը` իբրեւ աշխարհի նուազագոյն խաղաղ երկիրը:
Իրաքը Սուրիայէն եւ Աֆղանիստանէն ետք կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ, Ռուսիան` 10-րդ, Իսրայէլը` 13-րդ, Լիբանանը` 16-րդ, Եգիպտոսը` 18-րդ, Թուրքիան` 34-րդ, Ազրպէյճանը` 39-րդ, Վրաստանը` 51-րդ, Միացեալ Նահանգները 61-րդ, իսկ Հայաստանը` 65-րդ:
Իսլանտան պահպանած է իր ամէնէն խաղաղ երկրի կարգավիճակը: Անոր կը հետեւին յաջորդաբար Դանիան, Աւստրիան, Նոր Զելանտան, Զուիցերիան, Ֆինլանտան եւ Քանատան:







All the contents on this site are copyrighted ©.