2014-06-18 11:53:06

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը գաղթականութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ


Չորեքշաբթի, 18 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Գաղթականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, յատուկ կոչ մը ուղղեց աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ ձուլուած գաղթականներուն ի նպաստ։
''Յառաջիկայ ուրբաթ 20 յունիսին, կը նշուի Գաղթականներու համաշխարհային օրը, որ Միջազգային հասարակութիւնը կը նուիրէ անոնց որոնք կը ստիպուին թողուլ իրենց քաղաքները հակամարտութիւններէն եւ հալածանքներէն փախչելու նպատակով''։ Ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապը իր կոչին մէջ մատնանշելով որ ''Այս մեր եղբայր գաղթականներու թիւը , հետզհետէ կը բարձրանայ եւ այս վերջին օրերուն այլ հազարաւոր անձինք ստիպուեցան հեռանալ իրենց օճախներէն''։
Այլ երկիրներու մէջ ապաստանած, զանազան կրօններու պատկանող միլիոնաւոր ընտանիքներ կ՝ապրին ողբերգութիւններ եւ վէրքեր որ դժուարաւ կարելի է դարմանել։ Հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց ''Նեցուկ կանգնիլ անոնց ու իրենց հետ բաժնեկցիլ իրենց մտավախութիւնները եւ ապագայի մտահոգութիւնը, ջանալով գործնական ներդրումով ամոքել անոնց տառապանքները''։
Կոչին աւարտին Սրբազան Հայրը հայցեց որ ''Տէրը աջակցի այն անձերուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք առատաձեռնութեամբ կը գործեն գաղթականներուն ի սպաս, անոնց ապահովուելու համար հիւրընկալութիւն, արժանապատուութիւն եւ յոյսի նշոյլներ''։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ''թէ Յիսուս եւս գաղթական եղած է, Ան հարկադրուեցաւ, Սուրբ կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփին հետ միասին, Եգիպտոս փախչիլ` կեանքը փրկելու համար։
''Աղօթենք Տիրամօր, որովհետեւ Ան կը ճանչնայ գաղթականներու վիշտը, եւ հայցենք Անորմէ որ նեցուկ կանգնի մեր գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց հաւատացեալները ''Ողջոյն Քեզ'' Մարեմեան աղօթքը արտասանել` գաղթականներու դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.