2014-06-18 09:31:18

Նոր Գիւղը դարձեալ տագնապալի վիճակի մէջ է. Կան վիրաւորներ եւ զոհեր:


ՀԱԼԷՊ.- Երեքշաբթի, 17 Յունիսին, Նոր Գիւղի մէջ տագնապալի վիճակ ստեղծուած է. Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող, «Ֆաթայեր Ճանօ» խանութին մօտ տեղացած հրասանդի եւ հրթիռներու հետեւանքով այրած է Ճանոյի խանութը. նոյն վայրին մէջ զոհուած է «Գանձասար» շաբաթաթերթի երկար տարիներու ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեանը. կան ծանր ու թեթեւ վիճակի վեց վիրաւորներ:
Նախորդ օրը՝ Յունիս 16ին, Հալէպի Սիպիլ թաղամասին մէջ պայթած հրասանդի բեկորներէն ստացած վնասի հետեւանքով մահացած էր 1942ի ծնունդ Սեդա Պասմաճեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.