2014-06-18 11:29:21

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Չկա՛յ չարիք, առանց բարիքի
Զրկել բայը միշտ որպէս չարիք՝ այսինքն ժխտական իմաստով կը պատկերանայ միտքի մէջ, որովհետեւ անոր բառային արմատը՝ զուրկ, արդէն ցոյց կու տայ թերութիւն, պակասութիւն, որ ունի իր պատճառը: Գեղեցկութենէ զուրկ, իմաստութենէ զուրկ, զգայնութենէ զուրկ եւ նման անորոշ պատճառներով «զրկանքներէ» բացի, մնացեալ բոլոր տեսակի զրկանքներու պատճառը մարդոց ուսերուն կը բարձուի ընդհանրապէս: Երբ մէկը իրաւազրկուի, անոր պատճառը ուրիշ մարդ մը պէտք է ըլլայ անկասկած: Երբ ամբողջ ժողովուրդ մը հայրենազուրկ կը դառնայ, ուրեմն քաղաքական կամ այլ կացութեան բերումով, ուրիշ կողմ մը այդ զրկանքը պատճառած կ՛ըլլայ տուեալ ժողովուրդին:
Այսքանը եզրակացնելու համար ըսենք, թէ զրկուիլ բային դիմաց միշտ պէտք է պատկերացնել զոհ կամ տուժող կողմ, որուն իրաւունքը ոտնահարուած է, եւ զրկանք կրած է բառին բովանդակ իմաստով:
Սկիզբէն, իբրեւ ներածական մտածում՝ դնենք ժողովրդային տարածուած առած մը, որ կ՛ըսէ. «Չկա՛յ չարիք, առանց բարիք»: Սա խօսքը գրեթէ ամէն դժբախտութեանց պարագային՝ հասարակաց մտածում իբրեւ, կը թեւածէ մարդոց միտքին մէջ, ո՛չ միայն իբրեւ այրած սրտի մխիթարանք, այլ նաեւ երբեմն՝ իբրեւ հաստատուն համոզում:
Մարդոց ընտանեկան ամէնէն հարազատ միջավայրէն սկսեալ մինչեւ ազգային ու համայնական կեանքի խաչմերուկներուն վրայ պատահող զրկանքները ունին իրենց դրդապատճառները: Որոշ պարագաներու, ենթահողը կը պատրաստուի անձին իսկ կողմէ, սակայն առհասարակ զրկանքները կը պատճառուին ուրիշներէ: Այսպէս, երջանիկ ապրող զոյգի մը կեանքը յանկարծ կը խանգարուի, երբ երրորդ անձ մը ո՛չ միայն իր ծանրաշունչ ներկայութեամբ, այլ մանաւանդ չար խորհուրդներով եւ ուղղակի միջամտութիւններով կասկածի, անվստահութեան ու վերջապէս բաժանման՝ զրկանքի պատճառ կը հանդիսանայ: Սակայն հոս եւս պէտք է փնտռել բարիքը, համաձայն յիշեալ առածին, թէ՝ «չկայ չարիք, առանց բարիք»: Այսքան անհեթեթ թուացող «բարիքն ալ» ունի անշուշտ իր բացատրութիւնը: Որովհետեւ երրորդ անձին միջամտութեամբ երբեմն ի յայտ կու գան մութ մնացած ճշմարտութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնան, որ իր առօրեայ կեանքին մէջ մնայուն կերպով տուժող կողմը գիտակցութեան գայ ու սթափի իր խաբուած ըլլալու քունէն: Ճիշդ է, անիկա այս բաժանումով կը զրկուի իր կազմած ընտանիքէն, սակայն, միւս կողմէ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան տուժողի կարգավիճակ ունենալէն կը փրկուի: Զրկանքը փրկանքի կը վերածուի նման պարագաներու, իսկական օգուտ դառնալով զրկեալ կողմին, որ այսուհետեւ ո՛չ թէ զրկեալ կողմը կը դառնայ, այլ՝ շահաւոր, երբ իր կեանքը լաւագոյնս ապրելու, ինքնավարութեամբ իր օրերը տնօրինելու ազատութիւնը կը վերագտնէ:
Մանուկներու դաստիարակութեան մէջ ալ կրնանք ըսել ՜՜զրկելը փրկել է՝՝ քանի որ եթէ մանուկին բազմաթիւ ու այլատեսակ խնդրանքներու բոլորը կատարուին ան կը վարժուի (կը շփանայ) ՜՜այոներու՝՝ , եւ ապագային առաջին ՜՜ոչին՝՝ առջեւ ինքզինք դժբախտ կը զգայ .... Այս տեսակի դաստիարակութիւնը կամ վարժութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն չէ այլ՝ անմտութիւն...
Իմաստուն ծնողէն կը պահանջուի կարեւոր պահերու եւ յարմար առիթներով զրկել իր երեխան, նոյնիսկ անոր ամէնէն շատ սիրած բաներէն, պարզապէս դաստիարակելու համար ապագայի հաշւոյն: Զրկանքը փրկանք պիտի ըլլայ մանուկին համար, երբ սորվի գիտնալ իր սահմանները: Զրկէ՛ որպէսզի փրկես:







All the contents on this site are copyrighted ©.