2014-06-18 13:29:32

21 Յունիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'այցելէ Իտալիոյ Քալապրիա մարզը, ուր կը գերիշխէ ''նտրանկթա'' կոչուած մաֆիան։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յառաջիկայ 21 Յունիսին, տասը ժամ տեւող հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ հարաւային Իտալիոյ ''Cassano all’Jonio'' թեմին։
Սրբազան Հայրը Վատիկանէն կը մեկնի ինքնաթիռով եւ կ՛ուղղուի քաղաքին ''քասթրովիլլարի'' բանտին բակը, ուր հանդիպում կ'ունենայ բանտարկեալներուն, բանտին անձնակազմին ու անոնց պարագաներուն հետ։ Ան ապա կը փոխադրուի ''Cassano all’Jonio'' ուր ժամը 11-ին, քաղաքի մարզադաշտին մէջ, տեղի կ'ունենայ բարի գալուստի արարողութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ քաղաքի օրահասները խնամող «San Giuseppe Moscati» կեդրոնը ու ապա կ՛ուղղուի Քասանօ ալ Եոնիոյի աթոռանիստ եկեղեցի ուր հանդիպում կ'ունենայ թեմի կղերին հետ։
Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը կը ճաշէ թեմական Քարիթասի աղքատներու ընկերակցութեամբ, Թեմի` Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի անուան նորընծայարանին մէջ։
Յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը կ'այցելէ «Casa serena» կոչուած ծերանոցը որմէ ետք կ՛ուղղուի Սիպարի ծովեզերեայ քաղաքը ուր կը նախագահէ բացօթեայ ս. Պատարագի զոհը, որուն աւարտին Ան, միշտ ինքնաթիռով, կը վերադառնայ Վատիկան։
Նշենք որ անցեալ յունուարին Cassano all’Jonio քաղաքին մէջ 'նտրանկթա' կոչուած մաֆիան սպաննել տուած էր երեք տարուայ մանուկ մը, մեծ հօր հետ միասին, ու այրած էր անոնց մարմինը։ Մի քանի օր ետք ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''Հրեշտակ Տեառն'' Մարեմեան աղօթքին ընթացքին հրաւիրած էր հաւատացեալները աղօթելու թէ մանուկին եւ թէ մարդասպաններուն համար ''որպէսզի –ըսած էր Քահանայապետը - զղջան եւ դարձի գան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.