2014-06-17 10:44:07

Լիբանանն ու Արեւելքը Մարիամ Աստուածածնայ սրտին նուիրաբերումին առաջին տարեդարձին առթիւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ:


Կիրակի, 15 յունիս 2014-ին, Հարիսայի պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Լիբանանն ու Արեւելքը Մարիամ Աստուածածնայ սրտին նուիրաբերումին առաջին տարեդարձին առթիւ, նախագահութեամբ մարոնիներու կարդինալ Ռաի Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Կապրիէլ Քաչչայի, Ասորի կաթողիկէ Եունան Պատրիարքին եւ բազմաթիւ հոգեւոր մեծաւորներու:
Կարդինալ Ռաի իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ աւետարանումի վեհ առաքելութեան եւ նշեց թէ սրբագին նուիրագործումը կը սկսի քրիստոնեայ պարկեշտ կեանք ապրելով, հեռու մնալով մեղքէն եւ հարստանալով աստուածային շնորհներով: Ան յայտնեց որ ընտանիքները պարտին «բնական միջավայրեր» մնալ կրթութեան, փոխանցելու համար մարդկային ու բարոյական արժէքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.