2014-06-17 09:04:25

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան ուղիղ երկխօսութիւն պիտի կատարեն Իրաքի իրավիճակին շուրջ


«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան այս շաբթուան ընթացքին ուղիղ բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրաքի իրավիճակին վերաբերեալ, ուր իսլամական զինեալները կը շարունակեն վերահսկողութիւն հաստատել շարք մը տարածքներու վրայ:
Պարբերականը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն հետաքրքրուած է Իրանի եւ շրջանի այլ պետութիւններու հետ Իրաքի իրավիճակը քննարկելու հարցին մէջ` Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն շարժումին (ՏԱՀԵՇ) հակազդելու ջանքերը համակարգելու նպատակով:
Շարժումի զինեալները Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գրաւած են շարք մը քաղաքներ եւ կը փորձեն դէպի Պաղտատ յառաջանալ:
Այս պահուս տակաւին յստակ չէ հաւանական հանդիպումին վայրը եւ թուականը:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամհանի երէկ հերքեց այս լուրը:







All the contents on this site are copyrighted ©.