2014-06-16 15:20:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 16 Յունիս 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժէսթին Ուելպին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 11,15-ին ընդունեց Չիլէի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր դեսպան` Տիկ Մոնիքա Եիմենես Տէ լա Եարա` հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ, որմէ ետք ընդունեց Հոնտուրասի մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Լուիճի Պիանքօն, հուսկ ժամը 11,55-ին ունկնդրութիւն շնորհեց ''“Impact Investing for the Poor” ` Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի ձեռնարկով կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակիցներուն, որոնք 16 եւ 17 Յունիսին Հռոմ կը գտնուին միասնաբար խորհրդածելու թէ ինչպէս Եկեղեցին կարող է օգտագործել “impact investing” ներդումի ձեւը, աղքատներու ծառայութեան ի սպաս։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 7-ին Նորին Սրբութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, բացումը կը կատարէ Հռոմի թեմի եկեղեցական ժողովին որուն նիւթն է ''Ժողովուրդ մը որ կը ծնի իր զաւակները – Հասարակութիւնն ու Ընտանիքը քրիստոնեայ նախապատրաստումի հանգրուաններու ընթացքին''
''Աղքատ Եկեղեցի մը աղքատներուն համար ու միեւնոյն ժամանակ ''տնտեսութիւն'' մը որ ոտնակոխ չ՛ընէ տկարները'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կեդրոնական նիւթը “Impact Investing for the Poor” գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, որուն ընթացքին Ան դատապարտեց Ֆինանսական շուկաներու տիրապետութիւնը ժողովուրդներու ճակատագրին վրայ ու շեշտեց թէ` '' ''բարոյականութիւնը'' իր տեղը վերագտնելու է ''ֆինանսական'' ասպարեզէն ներս, ու գործելու է ի սպաս հասարակաց բարիքին եւ մարդկութեան։
Այլեւս անհանդուրժելի է որ ֆինանսական շուկաները կառավարեն ժողովուրդներու ճակատագիրը, փոխանակ անոնց պահանջները հոգալու, այնպէս ինչպէս անհանդուրժելի է որ քիչեր բարգաւաճին, դիմելով ֆինանսական շահարկումին, որ շատերը կը վնասէ, յատկապէս աղքատները։
Խօսքին աւարտին, Սրբազան Հայրը հայցեց Տիրոջմէ որ ''օգնէ մեզի չմոռնալ թէ երկրային բարիքները անցողական են, եւ օգնէ որ յանձնառու ըլլանք հասարակաց բարիքին ի խնդիր, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աղքատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.