2014-06-16 15:50:00

Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժէսթին Ուելպիին հետ։


Երկուշաբթի 16 Յունիս 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժէսթին Ուելպին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Պաշտօնական ճառերու եւ նուէրներու փոխանակումէն առաջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը առանձնական հանդիպում ունեցաւ առաջնորդ Ուելպիին հետ որուն յաջորդեց պատուիրակութեան ներկայացումը, պաշտօնական ճառերն ու ապա Ուրպանիոս Ը քահանայապետի անուան մատրան մէջ աղօթքի արարողութիւն։
Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժէսթին Ուելպիի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ''Այս հանդիպումը, դէպի Աստուծոյ Արքայութիւն ընթացող, ուխտաւոր ճանապարհորդակիցներու հանդիպում մըն է''։
Ան ապա ազդարարեց թէ` ''կարելի չէ ժխտել որ որ մեր բաժանումը ''գայթակղութիւն'' մըն է եւ արգելք` Աւետարանի քարոզութեան''։
Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց թէ ''միութեան լիութիւնը'' կը մնայ այն կէտնպատակը որուն կը ձգտինք եւ որուն ուղղութեամբ մղելու ենք համամիութենական մեր քայլերը'' նշելով ''Անկլիքան – Կաթողիկէ'' միջազգային յանձանխումբի գործունէութիւնը, կառուցողական հոգիով դիմագրաւելու համար անցեալի եւ ներկայի համամիութենական յանձնառումի մարտահրաւէրները։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդգծեց ''մտահոգութիւնները'' որ կը տանջեն մարդկային ընտանիքը որոնց շարքին յատկապէս ''մարդավաճառութիւնը'', ու այս առընչութեամբ յայտնեց միասնական յանձնառում պայքարելու ստրկութեան բոլոր ձեւերուն դէմ։ Իր խօսքին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ երեք բառերու վրայ ''աղօթք, խաղաղութիւն եւ աղաքատութիւն'', որոնք անհրաժեշտ են միասնաբար քալելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.