2014-06-16 08:26:01

Իրաքեան բանակը ետ կը մղէ տահեշ-ը


Իրաքեան բանակը շարունակեց շրջանները մաքրել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն եւ սպաննեց Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Ապու Օմար Ասէյլին, ինչպէս նաեւ Նաքշպանտիյայի մէջ խմբաւորումի մարտական ղեկավար Թալալ Տուրին:
Իրաքեան բանակը Մուսուլի մէջ հարուածեց նաեւ Պաաս կուսակցութեան մէկ կեդրոնը, ուր սպաննուեցաւ կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկը:
Սալահէտտինի նահանգային խորհուրդի նախագահ Ահմետ Ապտելժապար Քարիմ ցեղախումբերուն կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն արշաւին միանալու: Բանակը նշեալ նահանգին մէջ ցեղախումբերուն օժանդակութեամբ վերահսկողութիւն հաստատեց Տալլուղա քաղաքին վրայ: Բանակը նաեւ զինեալները վտարեց Իսհաքիէն, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ան կրնայ իր վերահսկողութեան տակ առնել Նինուէ-Պաղտատ ճամբան:
Բանակը նաեւ սկսաւ շարք մը նահանգներու մէջ, ինչպէս Տիալիի հիւսիսը, Սալահէտտինի, Սամարայի եւ Մուսուլի մէջ ետ մղել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:
Փեշմերկաներ իրենց կարգին Պաքուպայի արեւելքը առին իրենց վերահսկողութեան տակ` այդպիսով վիճելի շրջաններուն քարիւղի հանքերուն սահմաններուն անվտանգութիւնը ապահովելով: Փեշմերկաները նաեւ կը գտնուին Խանքին նահանգին մէջ գտնուող Սաատիյա քաղաքի մէջ:
Անպար նահանգը իր կարգին յայտարարեց, որ ապահովական մարմիններու եւ ցեղախումբերու ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմած է ապահովական ձեռքբերումը պահպանելու համար:
ՏԱՀԵՇ կը փորձէ իրաքեան ուժերը զբաղած պահել` յայտարարելու համար կազմութիւնը Նինուէի մէջ իսլամական էմիրութեան մը, որ կ՛ուզէ մինչեւ սուրիական սահման տարածուիլ:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շաբաթ օր յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու Իրաքի, եթէ վերջինս միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ այդ պահանջէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.