2014-06-15 09:45:15

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Սան Էճիտիոյի հասարակութեան աղքատներուն հետ


Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Հռոմի, Թրասթեվերէ շրջանին մէջ գտնուող, Սանդ Էճիտիոյ Կաթողիկէ հասարակութեան կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ, հասարակութեան անդամներու ու անոնց կողմէ խնամուած աղքատներուն հետ, Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ պազիլիքային մէջ։

Սան Էճիտիոյի հասարակութիւնը հիմնուած է Հռոմի մէջ` 7 փետրուար 1968-ին, խումբ մը դպրոցական աշակերտնուրու կողմէ։
1968 թուականին, Իտալական դրամատան նախագահի զաւակ Անտրէա Ռիքքարտի, իր դասընկերներու հետ միասին, կարդալով եւ ներշնչուելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի կեանքէն, միասնաբար կը մեկնէին, հանդիպելու Հռոմի արուարձաններուն մէջ ապրող աղքատներու հետ։
Հետզհետէ, խումբ մը ուսանողներու այս բարեսիրական գործունէութինը, կը սկսի տարածուիլ ամենուրեք, գրաւելով շարք մը կղերականներու եւ բարձր աստիճան եկեղեցական անձնաւորութիւններու ուշադրութիւնը որոնց շարքին նշենք` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի երբեմնի կառավարիչ` կարտինալ Սիլվէսթրինին, Իտալիոյ Միլանոյ Թեմի երբեմնի Արքեպիսկոպոս, Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ` Կարտինալ Մարթինին։
1973-թուականին, շնորհւ Հռոմի Սանթա Մարիա ին Թրասթէվէրէ պազիլիքայի փոխ ժողովրդապետ՝ Հայր Վինչէնցօ Փալիայի, բարեսիրական հասարակութիւնը կը հաստատուի, Հռոմի Թրասթեվերէ շրջանին մէջ գտնուող, Քարմելիթեան միաբանութեան պատակնող վանքին մէջ, կրելով վանքին եւ անոր կից գտնուող եկեղեցւոյ անունը` Սան Էճիտիոյ հասարակութիւն։
Սան Էճիտիոյի կեդրոնատեղին մէջ, ամէն օր, շնորհիւ իտալացի եւ օտարազգի կամաւորներուն, հարիւրաւոր աղքատներուն, գաղթականներուն եւ անտէրներուն, ճաշ կը բաշխուի։
Հարկ է նշել, թէ` 1982 թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, 25 դեկտեմբերին, Սանդ Էճիտիոյ կեդրոնատեղիին մէջ, թափառականներու, գաղթականներու եւ աղքատներու համար կը կազմակերպուի Ծննդեան Ճաշը, որուն ընդհանրապէս ներկայ կը գտնուին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ եւ միջազգային մամուլի անդամ լրագորղներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.