2014-06-14 08:57:05

Քեսապի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողոպտուած աղօթագիրքերը վաճառքի դրուած են


Kessab.net կայքէջը կը յայտնէ, թէ Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կողոպտուած հնատիպ աղօթագիրքեր, Ճաշոցի, Ս. Աւետարանի եւ Մաշտոցի ութ օրինակներ վերջերս ծախու դրուած են Լաթաքիոյ մէջ: Հայր Նարեկ Լուիզեան` Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ, յաջողած է գնել հոգեւոր մատեանները՝ զանոնք ծախու դրած «վաճառականէն»:
Մինչ «Արմէնփրէս» կը յայտնէ թէ Սուրիական բանակը իր հսկողութիւնը հաստատած է Քեսապի մերձակայքը գտնուող 803րդ բարձունքին վրայ: «Մայատին» կայքին համաձայն՝ այդպիսով սուրիական բանակը զինեալներուն դիմաց փակած է ճամբան դէպի Նապաա Ալ Մար: Տեղի ունեցած բախումներուն իբրեւ հետեւանք զինեալները լուրջ վնասներ կրած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.