1675-ին, Վիզիդանտին Միաբանութեան Մայրապետ, Ս. Մարգրիտ Մարիամ Ալագոք, աղօթքի ատեն կը
տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր աստուածային Սիրտը ցոյց տալով կ'ըսէ. «Ահաւասիկ այս սիրտը
որ այնքան սիրեց մարդիկը և ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար. բայց երախտագիտութեան
տեղ, մարդոց շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ, եթէ ոչ՝ ապերախտութիւն, արհամարհանք, անարգանք,
սրբապղծութիւն և պաղ վերաբերմունք»: Եկեղեցին Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրած
է, որպէսզի յատուկ ջերմեռանդութեամբ հոգիները քրիստոնէական կատարելութեան հասցնէ: «Կայ
խորհո՛ւրդ մը խորունկ, անսահման, զոր կը հանդիսէ Սուրբ Պատարագը, ամէ՛ն առաւօտ: Ս. Պատարագը
սի՛րտն է Յիսուսի, որ բացուած է բոլո՛ր մարդոց առջեւ, սի՛րտն է Յիսուսի՝ խոցուած, վշտահար,
այլեւ ամէնամբիծ, գերզգայուն, բարերար, կարեկից, շնորհաբաշխ» (Հ. Քաջարենց, Հոգիի Ձայներ,
էջ 126):