2014-06-14 10:10:37

Ա. զկնի Պենտեկոստէի
Տօն Ամենասուրբ Երրորդութեան


RealAudioMP3 «Երեք Անձինք եւ մի բնութիւն. մի աստուածութիւն, զքեզ խոստովանիմք յաւէտ Ս. Երրորդութիւն» (Արեւագալի ժամ)
Զատիկի, Համբարձման եւ Հոգեգալստեան տօներէն ետք` կու գայ Ամենասուրբ Երրորդութեան հանդիսութիւնը: Կարելի է զայն նկատել ամենամեծ տօնը, որովհետեւ կը պարփակէ քրիստոնէութեան ամենամեծ խորհուրդը, որուն վրայ հիմնուած է բովանդակ քրիստոնէական կրօնը: Խորհուրդ մըն է, որ գոյութիւն ունի ի յաւիտենից աշխարհի ստեղծումէն առաջ, երբ աստուածային երեք Անձերէն զատ ոչ մէկ բան, ոչ մէկ էակ գոյութիւն ունէր:
Ամենասուրբ Երրորդութեան մեր մտքին անհասանելի խորհուրդը` քրիստոնէական հաւատքին հիմն ու արմատն է: Կը մկրտուինք յանուն Սուրբ Երրորդութեան, եւ միւս բոլոր խորհուրդները կը ստանանք Ամենասուրբ Երրորդութեան` Հայր, Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի ատսուածային զօրութեամբ եւ իշխանութեամբ:
Քրիստոնեաներուս համար Ամենասուրբ Երրորդութիւնը մեր ուղղափառ հաւատքին անձնագիրն է. այն անձնագիրը, որ մեզ կը զանազանէ միւս բոլոր կրօններէն: Մեր ծննդեան թուականը` նոյնինքն Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան ու մարդեղութեան օրն է: Իսկ մեր ծննդեան վայրը` այս գեղեցիկ աշխարհն է, որ նոյնինքն Յիսուսին պատուանդանն է, զոր մենք զայն ժառանգեցինք Աստուծոյ գերագոյն ու անհուն սէրով. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր, չկորսուի, այլ` ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յով. 3.16):
Քրիստոնեան կը զանազանուի միւս բոլոր կրօններու պատկանողներէն իր այս հաւատքով. Հայր Աստուած կը նկատուի իբրեւ Արարիչ տիեզերքի, Որդին Աստուած` իբրեւ Փրկիչ աշխարհի, իսկ Ս. Հոգին` իբրեւ Արբարար հոգիներուն:
Ամենասուրբ Երրորդութիւնը մեր վայելած բոլոր բարիքներուն եւ բոլոր շնորհքներուն աղբիւրն է: Նախ եւ առաջ ստեղծագործութեան: Ծննդոց գրքին առաջին էջերուն Մէջ կը կարդանք հետեւեալ բառերը. « Ընենք մարդը ըստ մեր պատկերին եւ նմանութեան»: Ի՛նչ մեծ խորհուրդ. կարծես մարդը ստեղծելու համար Ամեն. Երրորդութեան երեք Անձերը նստած` կը վճռեն ստեղծել մարդը:
Ամենասուրբ Երրորդութիւնը մեր փրկագործութեան պատճառն է: Մարդկութիւնը հոգեւորապէս ինկած` պէտք ունէր վերականգնումի, վերանորոգումի. ահա Աստուծոյ Որդին, Ամեն. Երրորդութեան երկրորդ Անձը մարմին կ՛առնէ Անարատ Կոյսէ մը, կը չարչարուի, խաչի վրայ կը մեռնի համայն մարդկութիւնը ոտքի կանգնեցնելու համար:
Այսօրուայ աւետարանին մէջ, Յիսուս կը վկայէ Աստուածային սիրոյ մասին: Այն սիրոյ, որ կը միացնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան աստուածային Անձերը` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին: Հայր Աստուած Սէր է, եւ այդ սիրոյ մարմնացումը, իրականացումը, անոր Որդին է, Յիսուս Քրիստոս, որ խաչին վրայ փրկութեան խորհուրդը կատարեց: Իսկ Աստուծոյ Հօր եւ Որդիին միջեւ եղած Սիրոյ արտացոլումը, Սուրբ Հոգին է, Ճշմարտութեան Հոգին, զոր Յիսուս խոստացաւ ղրկել եթէ սիրենք զինք եւ պահենք անոր պատուիրանները. «Ով որ ունի իմ պատուիրաններս եւ կը պահէ զանոնք, ան է որ կը սիրէ զիս: Ով որ զիս կը սիրէ, պիտի սիրուի Հօրմէս, ես ալ պիտի սիրեմ զինք եւ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր»: Արդ, եթէ իրապէս կը սիրենք Քրիստոսը, չենք կրնար զանց ընել անոր պատուիրանները: Չենք կրնար Քրիստոսը սիրել, երբ մենք իրար չենք սիրեր, իրարու կը նախանձինք, իրարու չարիք կը հասցնենք, իրար կը հարուածենք, իրար կը վիրաւորենք, իրար կը սպաննենք...: Հետեւաբար, այդ սիրոյ անքաքտելի զօդը, զոր կայ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք Անձերուն միջեւ, նաեւ մեր մարդկանց յարաբերութեան թարգմանը պէտք է ըլլայ: Անոնք երեք տարբեր աստուածային Անձեր են, սակայն մէկ բնութիւն են, մի աստուածութիւն: Նոյնպէս մենք տարբեր անձեր ենք, տարբեր ազգեր ենք, տարբեր ժողովուրդներ, տարբեր մշակոյթներ, տարբեր մտայնութիւններ սակայն նոյն արժանապատուութիւնը ունինք. նոյն Հոգին ունինք, Ճշմարտութեան Հոգին, որ մեր մէջ կը բնակի:
Փառաւորենք Հայր Աստուած իր անսահման մարդասիրութեան: Փառաւորենք Որդին, որ զմեզ այնչափ սիրեց, եւ կը շարունակէ միշտ սիրել իր պատուական մարմինն ու արիւնը տալով իբր գաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց: Փառաւորենք Սուրբ Հոգին, որ սուրբ Եկեղեցին կը կենդանացնէ, մեր Սրբազան Պապին եւ բոլոր մեր առաջնորդներուն կը լուսաւորէ որպէսզի եկեղեցին սուրբ պահեն, եւ մեզ հաւատացեալներուս առաջնորդեն դէպի յաւիտենական կենաքը: Փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.