2014-06-14 08:56:16

«Արեւելքը պիտի տուժէ, եթէ ծայրայեղութեան ալիքին պատճառով Քրիստոնեաները լիբանանէն գաղթեն» կ՛ըսէ Պասիլ


Լիբանանի Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար` Ժըպրան Պասիլ, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ու անոնց արաբ պաշտօնակիցներուն Գ. ընդհանուր ժողովին շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ ընդգծեց աշխարհի ոեւէ ընկերութեան հետ լիբանանցիին համարկումի կարողութիւնը:
Պասիլ շեշտեց, որ Արեւելքը պիտի տուժէ, եթէ ծայրայեղութեան ալիքին պատճառով քրիտոնեաները երկրէն գաղթեն:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ լայնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն` շեշտելով այս իմաստով Բրիտանիոյ ներկայացնելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.